ՍԻՐՈՅՍ ԽԱԲԿԱՆՔԸ

Սիրոյդ կրակն իմ մէջ՝ ես տառապեցայ երկա՜ր,

Այն օրէն ի վեր, երբ քեզ տեսայ առաջին անգամ,

Ու դուն եղար կուռք մը, հեթանոս բագինիս մէջ արար,

Ուր քեզ պաշտեցի, դիցուհիʹս, գիշերներ արիւնահամ։

Եղար ինծի համար կրանիթեայ աստուած մը, անգո՜ւթ.

Բորբոքեցիր սէրս, սիրտս՝ մոխիր մը հանգոյն.

Դարձայ գերին դժոխքին, ստրուկը` կիրքերուդ,

Հարբած քու գինիով ու տառփանքներով մոգական:

Դէ՜ եկուր, պատռէ´ ալեկոծ սիրտն իմ սիրախտաւոր,

Քննէ´ անոր մատեանները եւ անցեալը՝ մօտիկ երէկին.

Աւա՜ղ, հոն պիտի գտնես հոգի մը խելագար,

Զոր մխաց վերյիշելով հրէ շրթներդ դիւթական:

Դէ՜ բե´ր անմահական քու գինին, հոգւոյդ բաժակին մէջ,

Ըմբոշխնեմ նեկտարն անմահական քու աղբիւրէն,

Երթամ թառիմ հոգւոյդ նոճիներուն վրայ, անտէր,

Ու քաղեմ սէրը մեղրահոս, քու հեթանոս համբոյրէն:

Աւա՜ղ, սիրտս իմ բաբախեց՝ սպասելով երկա՜ր,

Հուսկ մխաց երբ չստացաւ արձագանգ փոխադարձ...

1979