Սեդա Մարկոսեան Խտըշեան

Խաչիկ Տէտէեան

 

Հայ գրական անդաստանին անապատային ամայութեան  մէջ յոսի նշոյլ մըն   է կամ  գոնէ խափականքը կուտայ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին»  գրքերու երրորդ հատորը որուն շնորհանդէսը ընելու վայելքը կ՚ապրինք այսօր։

 

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ կամ առաջին սերունդի անհետացումէն ետք, Վահէ Վահեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան,   աւելի ուշ Զարեհ Մելքոնեան, Ժագ Յակոբեան, Յակոբ Մնձուրի եւ այլք մեր գրական անդաստանը ամայացաւ, եւ անոնց անհետացումով նորերը, գրեթէ մատի վրայ համրուող, տեղը չլեցուցին,  պարզ այն պատճառով որ աւիշ հայթայթող մայր հողէն կտրուած ու տակաւ շիջող սփիւռքը,  չկրցաւ, չէր կրնար աճեցնել  նորերը, հատ ու կենտ դէմքեր եկան, սակայն ոչ մէկ յոյս կամ ապագայ կը կանխատեսենք այսօր հայ բանաստեղծութիւնը ծաղկեցնող նոր դէմքերու յայտնաբերման, սփիւռքի ամբողջ տարածքին ։

 

Բանաստեղծութիւնը գրական գեղարուեստական  խրթին ոճ մըն է, իւրայատուկ  եւ հետաքրքրական որ իր մէջ կ՚ընդրգէ շատ  մը յատկանշական տարրեր՝ եղանակ, պատկերներ,  երաժշտականութիւն, կշռոյթ, գեղեցիկ  լեզու եւ ըսելու ոճ, որ կ՚առաջնորդէ ընթերցողը եզրակացութեան մը առանց երբեք բացայայտ մանրամասնութիւններ տալու։  Այս յատկանիշները բանաստեղծութիւնը կը դարձնեն գեղեցիկ որոնք  կը հրաւիրեն ընթերցողը ուշադիր եւ ստեղծագործ մասնակցութիւն ունենալու,   հասկնալու բանաստեղծութեան միտքն ու պատգամը, կարենալ գնահատելու համար։ 

 

Բայց բանաստեղծութիւնը այսօր հետաքրքրական եւ առինքնող է շատ փոքր թիւով գրասէրներու, այս մէկը աւելի ակնայայտ  է անձնական միջոցներով  հրատարկուող գիրքերուն եւ քիչ թիւով տպաքանակին ի տես, ինչպէս նաեւ մամուլի մէջ բանաստեղծութիւններու համար տրամադրուած տեղի  սակաւաութեան։   Ընդհանրապէս ծանօթները կամ բարեկամներն են քաջալերողները։   Մարդիկ այլեւս, առ հասարակ գիրք չեն գնէր, աւելի եւս բանաստեղծութեան գիրք,  որովհետեւ  կորսնցուցած են սովորութիւնը գիրք կարդալու եւ ուրեմն կորսնցուցած են սովորութիւնը գիրք գնելու։   Մարդիկ ժամանակ չունին,   (գոնէ այդպէս կ՚ըսեն), խորքին մէջ որովհետեւ բանաստեղծութիւնը ամէն բան չի բացայայտէր, կը թողու ընթերցողին որ հասկնայ եւ  ամէնա դժուար ընդունելին ընթերցողին համար,  իր համբերութիւնն ու հասկնալու կարողութիւնը մարտահրաւիրող գեղարուետն է որմէ մարդիկ կը խուսափին…

 

Ահա այս ֆօնին վրայ կուգանք ողջունելու Խաչիկ Տէտէեան  բանաստեղծի գիրքերուն երրորդ հատորը սփիւռքի անապատին մէջ բացուող ծաղիկի մը պէս։

 

Խաչիկի անունը այս առումով, բերկրանք  կը պատճառէ եւ յոյս կը ներշնչէ հաւատալու մեր ներքին ձայնին թէ կրնանք յուսալ տակաւին նոր արեւածագերու։

 

Այսօր Խաչիկի արուեստի գնահատութեան օրն  է  եւ շատ բան կարելի է ըսել իր մասին իբրեւ ինքնատիպ մտածող, սեփական ոճ  ունեցող բանաստեծ,  համամարդկային ապրումներով տագնապող  եւ մանաւանդ ժամանակակից հայ կեանքի մեկնաբան։

 

Յիշեցնեմ միայն թէ բանաստեղծութիւն  արժեւորելը բանաստեղծէն վեր ըլլալ չի նշանակէր, քաւ լիցի,  այլ բանաստեղծութեան   հետ յարաբերութեան մէջ մտնել  եւ վեր հանել անոր դրական ու գեղեցիկ կողմերը, ապրիլ այն ինչ բանաստեղծը կ՚ը պատգամէ։ Բանաստեղծութիւնը բանաստեղծին ապրած  յոյզերն ու խռովքները, կեանքի ապրումներու հաւաքածոն է, ուր մենք կը գտնենք արձագանգը մե՛ր յոյզերուն, սէրերուն ու երազներուն։ Թո՛ղ գրական քննադատները զբաղին քննարկելու բանաստեղծին  գործերով եւ արժեւորելու զայն, մեր փնտռածը բանաստեղծութեան առթած ապրումն է  մեր հոգիին մէջ, որ բանաստեղծը կը թափանձէ երանգապնակի բոլոր գոյներով եւ անոնց  թրթիռներու կշռոյթով թափ կ՚առնէ  մեր հոգին ու կը սաւառնի։

 

Կարենալ գնահատելու համար Խաչիկին բանաստեղծութիւնները,  հասկանլու համար թէ ինչո՞ւ իր երիտասարդ տարիքին, երբ երազանքի, սիրոյ ու  տենչանքի մարգարիտներ պիտի հեղուր, հոգիին մէջ կուտակուած  է այսքան դառնութիւն, պատած է այսքան թախիծ  ու կսկիծ։  Ինչո՞ւ այսքան ցասում ու բարկութիւն կը ժայթքի իր բանաստեղծութիւններէն։  Պարզապէս պիտի հասկնալ միջավայրը ուր ծնաւ ան ու  հասակ առաւ եւ երազներով որ սնեցաւ։

Պարզապէս անոր համար որ Խաչիկ եւս, հազարաւոր իր սերունդի տղոց  նման մանկութիւնն ու երիտասարդութիւն մը ամբողջ ապրեցաւ ու ճաշակեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դառնութիւնն  ու վկայեց անոր տխուր ու տգեղ երեսները։  Ապրեցաւ քաղաքական ու տնտեսական գահվիժումն ու սնանկութիւնը, տեսաւ հիասթափութեամբ ու զզուանքով  առաջանորդներու եւ ղեկավարներու մերկութիւնն ու սնանկութիւնը՝

 

« Ես յոգնեցայ ցնորքներ հալածելէ.

Երազել  որ չքնաղ երկիրը Մայրիի

Պիտի զարթնի կրկին փիւնիկի նման,

Ես յոգնեցայ նոյն ողբը երգելէ,

Հին թէ նորոգ վէրքեր ամոքելէ,

Ձանձրացայ՝ սին յոյս ու հաւատք շնչելէ ։»[1]

 

Եւ  երբ այս բոլորէն յուսհատ հայացքը ուղղեց հայրենիքին,  որուն հասնելու համար մանկուց տակաւին սորվեցուցեր էին սիրել միայն հայրենին, Խաչիկ ապրեցաւ իր կեանքի ամենամեծ եւ երկրորդ յուսախափութիւնն ու հիասթափութիւնը,   պարպուելով ամենագեղեցիկ երազներէն,  կեանքի նպատակէն ու իմաստէն։ Ունայնութեան պատած դատարկութիւնը խլեց իրմէ երիտասարդական խանդն ու հաւատքը, պատրանաթափ ընելով գեղեցիկ ապագայի յոյսերէն։ Հոգին երազներ էր հիւսած հայրենիքի պատկերով, հայրենիքը որ պիտի ըլլար Սփիւռքի բոլոր հեղեհուկ գետիններէն ետք վերջին ու հաստատ կայքը, եւ պիտի մարմնաւորէր  սփիւռքահայուն իտեալները,   ուրկէ անդին այլեւս երթալիք տեղ չունէր, ափսոս կը փլուզուէր հայրենիքի  տեսիլքը Խաչիկի աչքերուն առջեւ օր ցերեկով։

 

«Պարտութեա՜ն կսկիծ, անկում անփառունակ,

Օ՜հ ինչքան ահաւոր է մորմոքը մեր սրտին,

 փշրուեցան մեր երկաթեայ բազուկները մոխիրին մէջ,

կոտտանքը լուռ պատեց մեր հոգիներուն թանձր,

ամօթի հառաչանքը վաղեմի, կարծէք մոռցուած,

բայց ցցուող, նզովեալ ամէն հանգրուանի։

Միթէ անհետ կորա՞ւ մեր դափնին ոսկեձոյլ։»[2]

 

Քիչ ետք՝

 

«Մենք կ՚երթանք մեր պատմութեան մայրամուտին,

Ստեղծագործ միտքը մեր զոհած խաւարի դահիճներուն։

Շիջած է հիմա փարոսը մեր պայծառ երազանքին,

Հրաշագործ հայու ոգին մտած է իր խո՜ր մահաքունին։»[3]

 

Երբ կը խօսի իր ժողովուրդի առաջնորդներու ու ղեկավարներու փտտածութեան ու կեղեքումներուն մասին Խաչիկ անխնայ կերպով կը խարազանէ ու կը ձաղկէ  չկարողանալով յագեցնել բարկութիւնը։

 

«Եթէ ոգին ժամանակի, զարկերակը մեր ցեղին

պիտի չտոկային նոր քամիներու հարուածներուն ցնցիչ,

Ու Տարանջատման ուղիներէ պիտի քալէինք ազգովին,

Յանուն ի՞նչ նպատակի, ո՞ր օրուան համար էին

Պայքարի,մարտնչումի զոհողութիւնները արնահեղեղ,

.

ինչո՞ւ շիջեցան Սարդարապատի ղօղանջները որոտաձայն,

ո՞ւր անշքացաւ Մռաւ լերան պորթկումը բոցակէզ,

եթէ բախտի քմայքին պիտի յանձնէինք Նաւը հնամեայ

Տոհմածառը  պիտի կացինահարէինք մեր ձեռքերով մեղապարտ։

 

Եթէ երազանքը Մասիսին պիտի չդառնար

Փարոս մշտավառ եւ յաճախանք մնայուն, ։

 

Ալ ի՞նչ պայքար , ի՞նչ երազանք,

Ի՞նչ նպատակ յոգնատանջ մեր երթին,

Ի՞նչ անփառունակ աւարտ՝

վերապրելու Մեր իղձին ու պայքարին,»։[4]

 

Ժամանակակից ազգային պատմութեան տխուր դէպքերն ու  իրականութիւնը, կը կազմեն Խաչիկի  «Երազէն Անդին» բանաստեղծութիւններու եռահատորին ստուարաթիւ էջերը ուր մեր ժողովուրդի ճակատգրին սպառնացող ղեկավարութեան դէմ ըմբոստացած կը պոռթկան  իր միտքն ու հոգին, բարկութիւնը վերածելով ահագնացող գետի մը,  ընթերցողը եւս ներքաշելով ցասման  հոսնաքին մէջ որ արդար է եւ իրաւ ։

 

«այս  երկնակամարին տակ

միշտ նոյն աշխարհն է անփոփոխ,

նոյն իրականութիւնը՝ կրկներեւոյթ,

նոյն  մարդիկը՝ անզօր, խելացնոր

մեծ պարապը միշտ  գերիշխող»։ 

 

եւ կարենալ ձերբազատուելու համար այդ խուժանէն եւ գիտակցելով ժողովուրդի ուժին անկարողութեան կը դիմէ բնութեան տարրերքին։

 

«Մեզ պէտք են պատմութեան ջրհեղեղներ

Կլանող մաքրող ու սրբագործող»։[5]

 

Կամ աւելի դրական եղանակով մը՝

 

«Երեւան քաղաքի ձմեռ պապիկն է,

Հագած կարմիր պատմուճան

Կը բերէ երկնային սրբութիւն անապական

Ու վաղուան խոտու՞մ գուցէ։                                                     

Երեւան քաղաքի ձմեռ պապիկն է,

Կուգայ լուռ, անտրտունջ հոգերով ծանրաբեռն

Երանի թէ գար ցասումի կիրքով մը ցայտուն,

Փրկութեան հրաշքի ճիպոտներով՝ շողշողուն,

Պանդուխտները տուն դառնային բիւր – բիւր

Հայրենի երկրին բերէր խաղաղաութիւն...»[6]                                                                                                                           

Միւս կողմէ խորապէս գիտակից իր ներքին փոթորկումներէն ու ցասումէն  յոգնած,  հոգին  լռած է, Խաչիկ   ինքզինքին, հարց կուտայ՝

 

«Ինչու համր է տաւիղդ ,

չի հնչեր  մեղեդիներ քնքոյշ, մահերգներ տխուր,

Ինչու ծոցատետրիդ մէջ բառերը կը խամրին,

Մինչ հոգւոյդ մէջ սաղմոս ու սիրերգներ կը ծորին։

Ըսէ՛ ինծի ինչո՞ւ տխուր ես հոգիս,»[7]

 

Բաժնելով ցաւդ ու ցասումդ, Սիրելի խաչիկ, ինչպէս Պրն. Տէր Խաչատուրեան իրաւացիօրէն նշած է իր յառաջաբանին մէջ, քնարերգութիւնը քեզի աւելի կը սազի։  Սիրոյ, քնքշանքի, գեղեցիկին ու բարիին երգդ աւելի  պերճախօս է՝

 

«Օ՜հ աչքերդ,  կի՜ն զերդ Շամիրամի խանդոտ ու տիրակալ,

Կը խանձէ հիւլէ-հիւլէ մարմնիս բջիջները մոլախոտին նման։

Տա՜ր զիս ծոցը, կի՛ն  այս առինքնող երազանքին...[8]»

 

Կամ ՝

 

«Օ՜հ ըղձանք սեւաչեայ,

Իմ սէր վտարանդի,

Կը մնաս հո՜ն, արեանս մէջ տաք սրտիս։

 

Օ՜հ  ինչպէ՞ս վանեմ քեզ առյաւէտ,

Մարեմ կրակը, որ կը ճարճատի ընդմիշտ ։

Ի զո՞ւր էին բոլոր փորձերս երէկի,

Խաբկա՞նք մընէ էր միայն ժամանկի, ուրիշ ոչի՞նչ։»[9]

 

«Օ՜հ  ի՜նչ հմայք, ի՜նչ ճախրանք , կի՜ն,

Դուն եւ անուրջն ես , եւ երազը գիշերին

Դուն անդորրն ես մտքին եւ ալեկոծումը հոգիին,

Դուն ժխտումն ես այս վայրի աշխարհին,

 եւ բոցկլտացող մոմը՝խաւարի տարտամ անդորրին։[10]

 

Մի թաթղեր գրիչդ սիրելի Խաչիկ,  մեր ժողովուրդի նանրամտութիւններէն, վատէն   ու տականքէն խռոված ու ըմբոստացած բարկութեանդ  մելանին մէջ, Աստուած տուեր է քեզի քիչերուն շնորհուած տաղանդէն,   թող ճախրէ հոգիդ հոն ուր վատերը երբէք չեն կրնար մերձանալ իսկ, երգէ յաւերժականն ու արդարը, գեղեցիկն ու բարին որպէսզի սերունդները հաղորդուին վսեմին  ու նոյնան անոր հետ ինչպէս ի վերջոյ հաւատացած կ՚ըսես ՝  

 

 

Որքան ալ փոխուին ժամանակները,

Մարդիկ դառնան ստրուկ,  հրէշ թէ պոռնիկ,

Նիւթը դառնայ բռնակալը խղճին,

Չարը ըլլայ հզօր ու անպարտելի,  

Պիտի ծագի կրկին արեւը յոյսին,

Ու ժայթքի մարդոց հոգիներէն

հաւատքը կեանքին,

Ընդդեմ մահուան ու խաւարին։ ։[11]

 

«Պիտի ապրի երազը,

Որքան ալ դառն է կորուստը,

Անհուն՝ մեր ցաւն ու ցասումը

Պիտի ապրինք՝ տեսիլը գրկած , ճիչը խեղդած»։[12]

 

Բարի երթ Սիրելի Խաչիկ  դէպի նորանոր ստեղծագործութիւններու։

 

Սեդա Մարկոսեան Խտըշեան

5 Փետրուար 2023

 

 

 

 

 

 

 



[1] ԵՍ ՅՈԳՆԵՑԱՅ, էջ՝115 Գ. Հատոր.

[2]  Գ հատոր

[3] Մայրամուտ էջ 204 Գ. Հատոր

[4] Ասք Այսօրուան Մասին Բ հատոր էջ՝149։

[5] ՆՈՅՆ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ ՏԱԿ էջ 294, Բ  հատոր.

 

[6] ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՁՄԵՌ Գ. հատոր էջ՝ 49

[7] ԻՆՉՈՒ ԼՈՒՌ ԵՏ ՀՈԳԻՍ Գ. հատոր  էջ՝ 79

[8] ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ էջ 12 , գ հատոր

[9] Ի ԶՈՒՐ, էջ 14 , Գ հատոր

[10] ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՅԾԸ էջ 21 Գ հատոր

[11] ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ Էջ 210 Բ հատոր

[12] ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ ԵՐԱԶԸ,  Էջ՝174 ,  Գ Հատոր.