ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ ԱՆԽՆԱՅ

Յուսալքումի մորմոքը համատարած

Կը թաւալի մեր երկրին վերեւ

Հանգած աստղերու հոյլի մը նման,

Կը թաւալի մեր շիջած հոգիներուն մէջ,

Տրտմութիւնը կը պատէ մեր հորիզոնը մթամած,

Կը կրծէ մեր հոգիին կորովը մատղաշ

Ու կը քանդէ հիմերը կեանքի մը ջլատուած։

Աղէտի խո՜ւլ ահազանգը կը լսուի հեռուէն,

Նման նաւուն սուլոցին, ծովուն խորերէն եկած.

Ահազանգը տակաւ կը դառնայ որոտում,

Պայթիւն մը որոտընդոստ.

Համակերպումի լռութիւնը երկա՜ր,

Կը քանդէ երբեմնի պատերը անտարբեր:

Ու տրտմութիւնը խելագար,

Կը գտնէ այսօրուան մարդը՝

Խե՜ղճ, շուարած, գերեվար,

Կը սոսկայ արժէքին մարդուն,

Մարդուն, որ քիչ մնայ ծախէ պիտի

ինչքն ու պատիւն ալ վրան,

Ի խնդիր հացին ու ընտանիքին գոյութեան...:

Ու ահազանգը, սպառնական,

Կը բախէ դռները,

Օրէ օր իր գլուխը կը ցցէ ամէն կողմ…

Անօթութեան դիմաց, ըմբոստութեան կոչերը

Կը խտացնեն շարքերը ամբոխներուն խուլիգան,

Որոնք վաղուան կը նային վրէժխնդրութեամբ,

Ու կը սպասեն անձկութեամբ մը վճռական …

Գալու է անպայման հացի պատերազմը անխնայ…։

1987