ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ՛ՆՔ ԿՐԿԻՆ

Դարերու խորքերէն

Լինելութեան փշոտ ճանապարհին վրայ

Կանգնած ենք հիմա բզկտուած,

Ուրուական ազգի մըն ենք յանկարծ վերածուած։

 

Բազում հարցականներ կողոքեն մեր միտքն ու հոգին,

Կուզենք նայիլ ապագային աչքերով վառ,

Պարտութիւնն է ճնշած սակայն,

Հազարաւոր անմեղ զոհերու բագինին վրայ դրած

Մեր երազանքներն ու վրէժը՝ պարտք սրբազան։

 

Ի հեճուկս համընդհանուր ողբին,

Դժուարին ընտրանքէն չկա՛յ ընկրկում, այլընտրանք։

Մենք յուսալքուելու իրաւո՜ւնք չունինք,

Արեան պարտքն է, հողին տրոփն է մեր հոգւոյն,

Այլ ելք ու ճար չկայ հայուն, իր հաւատքէն, պայքարէն անդին։

 

Արդ, եկէք հաւատա՜նք կրկին,

Որ ձախորդութիւնները մնայուն չեն,

Հայը պիտի գտնէ վերականգնումի իր ոգին։

Ոգեկոչենք իմաստունները մեր երէկի,

Հպարտութիւնը մեր փառքի օրերուն անցեալի,

Ուխտենք կերտել ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, մոխիրներէն,

Ու հաւատա՜նք կրկին,

Որ մենք իրաւամբ, ապրո՜ղ ազգ ենք ոգեկիր։

 

Օ՜հ, ցաւը կը կիզէ մեր հոգիները՝ փշրուած, բայց տրոփուն,

Ցաւ ու մորմոք զսպած, վերապրա՜ծ ենք կրկին.

 

Օ՜հ, այն ատեն, մեր ներկայի ցաւերէն

Ու խլացնող նուաստացումէն

Անդին գուցէ տեսնենք նոր լուսաբացը մեր գալիքին։


2021