ՊԻՏԻ ՉՆԵՐԵ՛ՆՔ ԵՐԲԷՔ
Մենք մե՜ծ երազներ ունէինք.
Դարերու երազանքն էր մեր հորիզոնը ոգեղէն,
Ձիւնածածկ գագաթներն էին խրուած մեր բիբերուն,
Անհուն աստղերու տակ ծնող սերունդներ
Պիտի երկնէին նո՜ր երգեր ու յոյզե՜ր անփոյթ,
Եւ սիրատոչոր զոյգեր
Նոր բոյներ շինէին անայգաբաց գիշերներուն։
Մենք մե՜ծ երազներ ունէինք,
Հին Հայաստանն էր մեր երազանքը խենթ։
Ազգերը կ’ապրին մե՜ծ տենչերու գրգանքով,
Կը գործեն տարօրէ՜ն, միտք ու հոգի դրած,
Թէ չէ կը զոհեն այս դաժան աշխարհի
Բախտախաղի սեղանին իրենց գրաւը ողջ։
Մենք մե՜ծ տեսիլքներու ազգ էինք,
Անկարելին տենչացող խելագար ազգ մը իրաւամբ։
Դուք քանդեցիք այդ տեսլականը անայգաբաց գիշերին.
Մատաղ սերուցքը դրիք գրաւի
Բախտախաղի սեղանին ու զոհեցիք.
Նոր բոյներու երազը վերածեցիք անէծքի,
Խոշտանգեցիք երէկի եւ վաղուան տեսիլքը բաբախուն,
Մերթ ձեր տմարդի, տհաս,
Մերթ ձեր շահամոլ ու ամբարիշտ եսին զոհած.
Երկիրը քանդեցիք՝ երկիր կերտելու փոխան.
Մենք մահաքունի մտած մտագար ազգ ենք հիմա,
Ո՞վ պիտի փրկէ վերջին փշրանքը մեր երազանքին...։
2021