ՊԻՏԻ ԳԱՅ...

Օ՜հ, Չարենց հզօր, պոէ՜տ փոթորկոտ,

Չկայ մեծ պոէտ այս աշխարհի մէջ, չկայ տիտան,

Չկան եւ իմաստուն, հզօր մարդիկ հանճարեղ,

Որքա՜ն ալ հզօր ըլլան խօսքերն անոնց, միտքը՝ պայծառ,

Չկա՜ն, չխաբէք դուք ձեզ ու մարդոց՝ պարզ թէ բանիմաց,

Չեն ալ եղած երբէք այս աշխարհին մէջ, օ՜հ, ոչ։

 

Շէյքսփիր ու Տանդէ, անուններ մե՛ծ, թողած աւանդ

Ու անուն յաւերժ, տիտաններ չէին երբէք.

Տիտաններ չկան, Չարե՜նց, որքան ալ մեծ թուին անոնք։

Սողոմոն, Թակոր թէ Պլէյք, որն էր ճշմարտութիւնը ձեր,

Որ կը թողուք մեզի դար ու դարեր, որ մենք չենք գիտեր,

Առեղծուածն այս աշխարհի ո՞վ գիտցաւ ձեզմէ,

Ո՞րն էր ձեր իմաստութիւնը հզօր Անծանօթին դիմաց,

Որուն ինքնութիւնը, դար ու դարեր, կը ճգնինք բացատրել։

 

Ո՞րն էր ձեր ճշմարտութիւնը, Պղատոն ու Արիստոտէլ,

Տիտաններ գալիք դարերու, որ չէինք գիտեր։

Սեւակ, աշխարհը գրկած շալակիդ, մարդը ափիդ մէջ,

Խօսքերդ թաւ ու խոհուն ո՞ւր յանգեցան աւարտին։

Օ՜հ, Տոստոեւսքի, անուն Թէոտոր, պաշտելիդ իմ հանճար,

Ո՞վ կը կրէ պատիժն իր, այս աշխարհիս մէջ,

Արդարութիւնը, որ քարոզեցիր գտա՞ր միթէ երբէ՛ք։

 

Ի՞նչ տուիք մեզի. անցաք, ասուպին նման, աշխարհէն,

Սիրեցինք ձեր խօսքերը ջերմ, ոգին փոթորկոտ, տողերը բարդ,

Զիս չէք համոզեր ալ։ Ճշմարտութիւնը այլուր է,

Դուք ստուերն էիք Անոր, որքան ալ սիրելի

Ճպրան ու Վարուժան, Նիքոս ու Աւրելիոս,

Խօսքերը ձեր տիրական ու առինքնող, հմայող ու ներշնչող.

Ես դեռ կը փնտռեմ իրաւ ճշմարտութիւնը, բացարձակը՝

Անհո՜ւն, որ պիտի գայ...։ Իրօք, պիտի գայ...։


2022