ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ՛ ԵՐԱԶԸ...
Պիտի ապրի՛ երազը.
Հաւատալով, որ ամէն թիզ հող, որ զոհեցինք,
Պիտի նուաճենք վերստին,
Ի գին հերոսներուն արեան։
Պիտի ապրի՛ երազը,
Որքան ալ դառն է կորուստը,
Անհո՜ւն՝մեր ցաւն ու ցասումը,
Պիտի ապրինք՝ տեսիլքը գրկած, ճիչը խեղդած.
Պիտի ապրի՛ երազը,
Ամէն հայու մտքին մէջ,
Հզօր բռունցքի վերածուած,
Գերադասած մեր շահերը գերիվեր,
Հասնելու այդ երազին տիւ եւ գիշեր։
Պիտի ապրի՛ երազը...
2020