ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ՛Ս ԴՈՒՆ

Գեղեցկութի՜ւնը չէ,

Հմայքը չէ, կի՛ն,

Քեզ չքնաղ դարձնող.

Մտքիդ թռիչքնե՜րը չեն,

Ափամերձ երազներդ չեն,

Որ քեզի կու տան հրաշքի մականը թաքուն,

Ամենեւի՛ն։

 

Դուն անմահ ես երգերովս ոգեղէն,

Գիշերներուս թռիչքներով ազատատենչ,

Ու երազներուս թափառումներով խենթ,

 

Դուն կ’ապրիս

Հոգւոյս մեղեդիին կշռոյթով,

Անմահ ես սիրովս, որ կու տայ քեզի

Անհունութիւնը ծովու խորքերուն

Եւ սլացք՝ դէպի անջրպետը անհուն։

 

Յիշէ՛,

Որ պիտի ապրիս

Վշտերուս,

Վէրքերուս,

Երգերուս

Յաւերժութեամբ։


2021