ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՍԿԻԾ
Կրկին հարուածեց մեզ չարաղէտ անէ՛ծքը դարաւոր,
Մեր պատմութեան անէծքը կործանարար ու հին,
Խարանուած մեր ճակատին,
Որ թոյնի նման պիտի կլլենք կրկին.
Պիտի կլլենք, մեր հի՜ն, նո՛յն ոսոխին
Արիւնռուշտ ծարաւին զոհաբերած
Մեր հողը արիւնածոր
Ու հերոսներուն անձնուրաց
Երազանքն ու տենչանքները գալիքի
Ու հոգեւոր արժէքները դարաւոր։
Բայց չտարակուսի՛ք երբէ՜ք։
Զոհեցինք յանուն եւ մեր հի՜ն, նորոգ մեղքերուն,
Որ կը կրծեն մեզ միշտ հին ժամանակներէն,
Խարանի մը նման դաջուած մեր ճակատին,
Դուրս կը հոսեն որպէս թարախ, մաղձ ու թոյն,
Դժխեմ ու խաւարակուլ ամէն առիթի։
Տարօրէն մռայլ է պահը անիծեալ.
Դառնութիւնն է լեռնացած մեր հոգւոյն խորքն ու ծուծին,
Խելագարութիւնը ոչի՛նչ է աղէտին դիմաց,
Երբ ցաւը ապիկար ձեռքերով է սարքուած,
Ալ ի՞նչ վիշտ, ողբերգութի՜ւնն է մեզ կլանած։
Պարտութեա՜ն կսկիծ, անկո՜ւմ անփառունակ,
Օ՜հ, ինչքա՛ն ահաւոր է մորմոքը մեր սրտին,
Փշրուեցան մեր երկաթեայ բազուկները մոխիրին մէջ,
Կոտտանքը լուռ պատեց մեր հոգիներուն թանձր,
Ամօթի հառաչանքը վաղեմի, կարծէք մոռցուած,
Բայց ցցուող, նզովեալ ամէն հանգրուանի։
Մի՞թէ անհետ կորաւ մեր դափնին ոսկեձոյլ։
Հաւատալ է պէտք, թէ անէծքն այս յաւերժ չէ,
Որ մեր եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջեն պիտի կրկին...
2020