ՊԱՏՐԱՆՔ
Գլանիկիս մշուշին ընդմէջէն
Կ’ուրուագծուի դէմքդ լուսեղէն,
Որ անցեալի քաղցր յուշերու,
Սիրոյ արկածախնդրութիւններու
Երանելի պահեր կը վերականգնէ...:
Գիշերներուս տենդավառ
Եղար հրեշտակի մը նման գուրգուրոտ,
Անյագուրդ ծարաւս յագեցնող կինը հոգածու.
Իմ դիմաց բացիր աշխարհդ գոթական,
Ուրկէ քալեցի գինով անցորդի նման,
Ապրելով սիրոյդ զոհաբերութեան վայելքին
Քաղցր ու ջերմ պահերը թաքուն:
Հովի մը նման անցա՜ր հէք հոգւոյս մէջէն,
Հոն գրգռեցիր հին բոցեր հանգած,
Տուիր երանելի պահեր անանձնական,
Ու գացիր մեկնումով մը անդարձ:
Բոցը մնաց անմա՜ր,
Հրահրեց բոլոր ժամանակներու
Սիրոյս ապրումները վառ,
Դրոշմելով մշտաբորբ վէրք մը՝
Զերդ թիթեռի քաղցր հպումը անցաւոր:
Այն օրէն ասդին
Իմ սիրտը կը բաբախէ ժամացոյցի նման,
Մեր երազային պահերուն տրոփներով…
1985