ՊԱՏՐԱՆԱԹԱՓ ՍԻՐԱՄԱՐԳԻ ՆՄԱՆ...
Սիրամարգի բեհեզեայ հանդերձանքով,
Անմեղ աղաւնիի կերպարանքը նուաճած,
Կը տողանցէ յամրաքայլ իմաստա՜կը մերօրեայ,
Գոհունակ ժպիտ մը դէմքին,
Եթէ նայիս՝ պիտի շիկնի, Իր հմայքէն առինքնած։
Պիտի ուզէր հաւատալ
Ազնուակա՜ն արիւն կրելու մեծամիտ խաբկանքին,
Պղատոնի մը նորօրեայ ընձիւղումը ըլլալու ցնորային պատրանքին։
Գուցէ սխալած չըլլար
Կոյրերու թագաւորութեան մէջ, երբեմնի,
Բայց մեր դարուն, լոյսի ու գիտութեա՜ն,
Կեղծիքը հայելիին մէջ կը ցոլայ...
Անցա՜ծ են օրերը կարճատեսութեան,
Երբ կռկռան գորտերուն ունկ դրած
մարդիկ զմայլանքով կը հիանային,
Բայց պատրանաթափ սիրամարգը կը շարունակէ
Սոնքալ իր երբեմնի փառքին հաւկուրութեամբ.
Ահա, կրկին անգամ,
Իմաստուն Սողոմոնի հաւակնոտութեամբ,
Կը պատգամէ մարդոց արժէքներ ոգեղէն,
Բարոյախօսական առաքինութիւններէն, ազնիւ ու վեհ,
Կու տայ խորհուրդներ կեանքի ու մահուան,
«Հմուտ մագիստրոսը» անզուգական,
Ծիծաղն ու հեգնանքը գրգռելով իր շրջապատին։
Նմաններուն պէտք է կրկնակի յորդորել
Իրենց «մարգարիտները» զուր տեղ չթափել խոզակերպ մարդոց առջեւ...
Բայց անոնք դեռ կը վխտան ընդ երկա՜ր աշխարհիս երեսին...
Երանելի՜ հանդիսաւորութեամբ,
Պիտի շրջին այծետոտիկ քայլերով ծեքծեքուն,
Դանայեան սնամեջ տակառներու նման
Դատարկութիւնն իրենց բոժոժի վերածած,
Կեղծ որբէոսները մեր քաղաքի...
Խաւարամիտ տիպարներն այդ կը սիրեն շոյուիլ,
Իրենց ինքնասիրութեան կա՜յծ է պէտք շարունակ.
Այլապէս կը խելագարին ու կը դառնան կատաղի...
Կը նզովեն աշխարհ ու մարդիկ,
Կը դաւեն աջ ու ձախ անհաշիւ,
Դառնալով իրենց շրջապատի պատուհասը ցաւալի.
Անո՜նք գիշերային գիշատիչներու,
Փանտորայի տուփէն ելած չարիքներու պես
Պիտի թոյն ու թարախ սփռեն չորսդին,
Յոխորտա՜ն,
Դարպասեն,
Խաչակրութեան արշաւներ կազմակերպելով՝
Հրապարակները վերածեն կռուադաշտի,
Մինչեւ որ իրենց ողորմելի եսը խաղաղի...
Ու երբ օր մը կորսուին յանկարծ,
Պէտք է փնտռել զանոնք՝ յափրացած գայլերու նման՝
Բաց դաշտերուն մէջ, ուր կ’որոճան փառքի օրե՜րը
Երեւակայածին, գոհունակ քրքիջով մը երբեմնի.
Ողբերգութեան մը վարագոյրը պիտի իջնէ վար,
Իսկ մարդիկ շարունակեն իրենց ճամբան հանապազօր...։
2009