ՊԱՏՈՒՀԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
Գիշեր է, համր գիշեր լալագին։
Պատուհանին կանգնած,
Ծուխիս քուլաներուն
Ու ցնորամիտ խոհերուս ընդմէջէն
Ուրուականդ, բոցի մը նման,
Կ’առկայծի կրկին.
Կու գաս ինծի,
Սուր ու թախծոտ ժպիտ մը պարզած,
Կը շշնջաս՝ մոռցա՜ր ինծի երեւի,
Ո՞ւր կ’արշաւեն մտքերդ անսանձ, անարգել,
Մի՞թէ ես քեզի համար
Անցեալ մըն էի, աղջամուղջին մէջ կորած,
Մի՞թէ մոռցուած եմ ես քեզի համար,
Ըսէ՜. ոգեպնդէ՜ զիս
Քաղցր բառերովդ երբեմնի.
Օ՜հ, դուն, դուն երէկն էիր հոգեթով, այո՜,
Պաշտամունքիս քրմուհին
Խենթ հոգւոյս կրքոտ գիշերներուն,
Բայց ուրուականդ դեռ կը հալածէ զիս,
Կը խանձէ զիս անապատակէզ քամիին նման,
Որքան ալ ժամանակները մեր
Այլ ուղիներով կը թեւածեն։
Օ՜հ, երէկը ցնորք է, պատրանք է, խորհրդաւոր,
Երէկը չկա՜յ, քաղցր յուշ է միստիկ, հոգիի խոյանք
Միմիայն։
Երէկը քաղցր յուշ մըն է հոգւոյս մէջ տոգորուն,
Ներկան պատուհանն է անցեալի.
2019