Պատմական Յիշողութեան Անժամանցելիութիւնը եւ Մեր Պայքարը
Պատմական Յիշողութեան Անժամանցելիութիւնը եւ Մեր Պայքարը
35 տարիներ առաջ Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ կիրարկուեցաւ ցեղային զտման, հաշուեյարդարի, ջարդերու ու խոշտանգումներու, (փոկրոմ)ի եւ հայ ազգաբնակչութեան զանգուածային տեղահանութեան կազմակերպուած եւ ցեղային ատելութեան հրահրումով հայերու հալածանքն ու բնաջնջումը, ընդհուպ գաղթը դէպի Խորհրդային հայաստան: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան Երիտթուրքերու իշխանութիւնը ծրագրեց ու գործադրեց 21-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ մէկուկէս միլիոն հայերու բնաջնջումն ու պատմական հայաստանի հողէն հայ ժողովուրդի արմատախլումն ու տեղահանութիւնը. այնպէս ինչպէս, 1909ին, Ատանայի մէջ հայ բնակչութեան դէմ հրահրեցին ու ջարդեցին 30, 000 հայեր, մոլեռանդ ու քինախնդիր թուրք եւ քիւրտ բնակչութեան ձեռքերով. այնպէս ինչպէս, 1895ին, Սուլթան Համիտ Բ. կազմակերպեց ու գործադրեց Կիլիկիոյ հայերու ջարդը, խլելով 300,000 հայերու կեանքը: Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, իսկ թրքական քաղաքականութիւնը՝ վերացնելու Հայաստանն ու հայութիւնը, իր փանթրքական քաղաքականութեան սիսթեմաթիկ ծրագիրն է որ կը գործադրէ: Փաստը, Արցախի դէմ սանձազերծուած եւ միջազգային լուռ կեցուածքէն քաջալերուած պատերազմը, 2019-ի Սեպտեմբեռ 27ին, միջազգային հանրութեան քորոնայի համաճարակի շփոթած իրավիճակին մէջ, երբ պետութիւններ կը պայքարէին մահու կենաց այդ վարակը զսպելու իրենց ճիգին մէջ: Սա է թուրքին պատմութիւնը, ատելութեան եւ ջարդի պատմութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ: Օգտուիլ պատմական առիթներէն իր ծաւալողապաշտական քաղաքականութիւնը յառաջ մղելու ծրագրին մէջ: Թուրքն ու անոր եղբայր ազերիին համար մարդկային իրաւունքն ու արդարութիւնը եւ միջազգային նորմերը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Խորամանկ իր քաղաքականութեամբ եւ ճկուն դիւանագիտութեամբ, թուրքը յաջողած է եւ կը շարունակէ խուսանաւել, օգտուելով Արեւմուտքի եւ արեւելքի հակադրութիւններէն, տարածաշրջանի իր դիրքէն ու առաւելութիւններէն եւ խուսանաւել մեծապետական բախումներու ոլորտին մէջ, ի խնդիր իր քաղաքականութիւնը պարտադրելու եւ շահերը ապահովելու, ընդհուպ, Օսմանեան երբեմնի կայսրութիւնն ու այլ ժողովուրդներու տարածքներուն վերատիրանալու իր երազներէն ու մոլուցքէն մղուած:
600 տարուան ստրկութիւն ապրած Օսմանեան Թուրքիոյ հայութիւնը, երբ մարդկային նուազագոյն իրաւունքը կը պահանջէր, ենթարկուեցաւ սիսթեմաթիք բնաջնջման: 1988-ին, երբ Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին մէջ ծնունդ կ’առնէր Ղարաբաղի ինքնորոշման եւ Մայր Հայաստանի միացման շարժումը, Սովետական Իշխանութեան օրուան բարեկարգչական շարժումէն օգտուելով, նոյն թուրքը կը հրահրէր Սումկայիթի, Կիրովապատի, Գանձակի եւ Պաքուի ատելավառ մոլոցքը ընդդէմ հայ ազգաբնակչութեան: Արդիւնքը, շուրջ 300,000 հայերու գաղթն էր դէպի Հայաստան եւ շուրջ հազարաւոր հայերու ջարդը։ Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, սիրելիներ, նոյն թուրքին ձեռքով, նոյն մեթոտներով, նոյն ատելավառ եւ հայատեաց մոլուցքով այսօր, Արցախի ազգաբնակչութեան դէմ: Արցախի պաշարում եւ հայը սովամահ ընելու եւ իր բնօրրանէն գաղթի մղելու քաղաքականութիւն, անտեսելով Արցախը ապաշրջափակելու միջազգային բոլոր կոչերն ու որոշումները: Խաղաղասէր հաը, դժբախտաբար, միամտօրէն կը հաւատայ թէ ժամանակը կրնայ բարեփոխած ու մարդկայնացուցած ըլլայ մեր երբեմնի ու միշտ նոյն թշնամին: Աւա՛ղ, այդ մէկը խաբկանք է, երանելի բայց անկարելի ցանկութիւն: 2 ամիսէ ի վեր, նոյն թշնամին, որ համայն աշխարհին կը քարոզէ թէ տէր ու պահապանն է ղարաբաղի հայերուն, զրկած է Արցախահայութիւնը, իրենց բառերով “իրենց քաղաքացիները” տարրական ու մարդկային նուազագոյն կարիքներէն, Արեւմուտքի Ուքրանիոյ պատերազմով զբաղ միջազգային հանրութեան աչքերուն դիմաց եւ նոյն խաբէական խոստումներով խաղաղութեան պայմանագիրներ կնքելու եւ նոր դարաշրջան մը բանալու սինիք արտայայտութիւններով եւ նորանոր սադրանքներով: Եթէ առարկայական ակնոցով դիտենք իրողութիւնը, պիտի տեսնենք որ տարօրինակ բան չկայ եղածին մէջ: Թշնամին նոյնն էր երէկ, նոյնն է այսօր, նոյնը պիտի մնայ վաղը: Եզրակացնենք պատմական իրողութիւններու այս ընթացքը եւ հաստատենք մի քանի ճշմարտութիւններ, որոնք անառարկելի են.-
Ա. Թշնամիին հետ կարելի է խօսիլ միայն ուժի դիրքերէ,
Բ. Ուժը կ’ենթադրէ ուժեղ բանակ եւ միասնական ճիգերու լարում: Հայկական բանակի վերականգնումը անհրաժեշտութիւն է այսօր, անկասկա՛ծ։
Գ. Դիւանագիտական խոհեմ, բազմակողմանի, ճկուն եւ եռուն գործունէութիւն:
Դ. Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնաբար գործելու եւ պայքարելու անհրաժեշտութիւն: Պատմութեան դասերը անառարկելի են․ երբ հայութիւնը միասնական է, արտաքին թշնամին անզօր է յաղթելու մեզ; “Մէկ Հայրենիք, մէկ ժողովուրդ” կարգախօսը այսօր պէտք է դառնայ մեր ուղեգիծը:
Ե․ Միջազգային հարթակներու մօտ կուռ եւ միասնական գործելաոճ, մատնացոյց ընելու թուրքին եւ ազերիին հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի անժամանցելիութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, մեկնելով նոյնինքն շրջափակման եւ 120,00 հայու գաղթի մղելու Ազրպէյճանի ծրագիրը խարանելով որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր եւ միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտում։:
Զ. Արցախի կորուստը Հայաստանի կորուստն է: Սիւնիքի միջանցքի ծրագիրը Հայաստանի կործանումն է: Փանթուրանական ծրագիրը նոյնքան այժմէական է այսօր, որքան երէկ։ Համայն հայութիւնը պիտի հասկնայ որ թուրքին խոստացած խաղաղութիւնը պատրանք է եւ աչքի փոշի: Հարկ է գործել ամէնուրեք միշտ այս ըմբռնումը մեր ժողովուրդին մտքին ու գիտակցութեան մէջ ամրագրելով:
Սումկայիթի վարքագիծը դրսեւորեց ինքզինք բոլոր հանգրուաններուն. թէ՛ քառօրեայ պատերազմին եւ թէ՛ 44-օրեայ պատերազմին ու նաեւ հետագային: Ամէն առիթի փաստեցին թէ իրենք չեն հրաժարած Սումկայիթեան վարքագիծէն, թէ՛ ջարդելով, թէ՛ ցեղային զտումներով, վերջնականապէս լուծելու համար Արցախեան հարցը:
Պիտի պայքարինք, պահելու մեր Արցախն ու փոքր հայրենիքը որ այսօր վտանգուած է: Սա մեր վերջին ճիգն է գոյատեւելու որպէս ազգ եւ պետութիւն: Մեր յոյսը դնենք մենք մեր վրայ միայն: Հիւսիսէն ու արեւմուտքէն պատրանքներ հիւսելով կը կորսնցնենք այն ինչ ունինք այսօր, ի խնդիր վաղուան մեր նորանոր յաղթանակներու տեսիլքը գրկած: Մենք ապրելու իրաւունք ունինք, Աստուածատուր իրաւունք: Պիտի ճեղքենք ամօթի պատը որ մեր դիմաց բարձրացաւ եւ մեր նահատակներուն թանկ արեան ուխտով վերանորոգենք մեր ուխտն ու պայքարը, Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին տեսիլքը եւ Արարատի խորհուրդը գրկած:
Խաչիկ Տէտէեան
Պէյրութ, 26 Փետրուար 2023
Ս. Նշան Եկեղեցի, Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակի յիշատակութեան օրուան խօսքը