ՊԱՏԿԵՐ
Դուն կը նմանիս հիմա այդ տան հի՜ն,
Վաճառքի դրուած տժգոյն տան,
Զոր շինարարը պիտի գնէր մատչելի գինով, աժա՜ն,
Ու քանդելէ ետք ներքին փտուկները հնամաշ,
Նորոգէր պիտի զայն, հպումովը ժամանակի ու ճաշակի,
Վերածէր զայն գրաւիչ բնակելի տան,
Ուր գան պիտի նոր զոյգեր մատղաշ,
Կամենան ապրիլ հոն, իրենց բոյնին մէջ նորարար:
Դուն կը նմանիս հիմա այդ տան հի՜ն,
Ուր երազներ չկա՜ն, այլ՝ յիշատակներ երբեմնի։
2022