ՊԱՏԻ՛Ւ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԻՆ
Մ. Թ.-ին
Կը խոնարհիմ ձեր տեսակին առաջ, տիկին,
Հայ կնոջ առաքինազարդ տեսակին,
Որ խաւարէն, պարտութենէն ամօթալի
Կը ճգնի յոյսի ճեղք մը բանալ վիրաւոր Արցախին։
Կը խոնարհիմ ձեր տեսակին առաջ, տիկին,
Հայ կնոջ անաղարտ ու ազնիւ տեսակին.
Տիպարը՝ անձնամերժ, հոգածուն՝ անշահ,
Հայրենի երկնակամարի վրայ աստղ մը պայծառ։
Կը խոնարհիմ ձեզ ծնող մօր տեսակին առաջ, տիկին,
Հայու անկոտրում հաւատքին կերպարը ծնող
Ա՛յն առաքինի մայրերուն, որք պիտի բազմանան կրկին
Ու մեզ տանին նոր խոյանքի մը ներշնչող։
Ես Արարիչէն զատ ոչ ոքի չեմ ընծայած փառք ու պատիւ,
Ամենեւին,
Բայց պատի՜ւ ձեզի, ու առաքինի ձեր տեսակին, տիկին։
2021