ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՕՐԱԳՐԷՆ
Պատերազմի արհաւիրքը մրոտ,
Մահասարսուռ կը յամենայ
Անիծեալ քաղաքին վրայ:
Ահաւոր պայթում մը
Ականուած ինքնաշարժի՝
Իր ետին կը թողու
Դիակներ անճանաչելի,
Վիրաւոր ու աւեր...
Որոտացող ռումբերը խելագար
Ահ ու սարսափի մրցանիշներ
Կը փորձեն հաստատել:
Խուճապն է կրկին մարդոց՝
Շուարած, ահաբեկ, խեղճացած,
Կը փութան իրենց որջերը
Ապահով կարծուած:
Ամայի քաղաքին մէջ լքուած,
Սրընթաց փոխադրակառքերը
Միաʹյն կը յամառին ճեղքել
Ամայութիւնը փողոցներուն:
Առօրեայ այս երեւոյթին դիմաց,
Գետնայարկերը ապաստանած
Մարդիկ կ’ապրին՝ իրենց ճակատագրին հաշտուած.
Աղօթքի, մաղթանքներու յանկերգը
Կիներու շրթներուն ծամօն է միշտ.
Հայհոյանքներ, անհասցէ,
Մեկնաբանութիւններ այլազան
Կը դառնան օրակարգը՝
Ժողովներուն ամբոխավար...
Կեանքը կ’ընթանայ այսպէս
Վատահամբաւ,
Արիւնաքամ,
Մոլեռանդ
Այս քաղաքին մէջ, ուր մարդիկ
Տակաւին կառչած կը թուին ըլլալ
Իրենց աժան, դաժան գոյութեան...:
1985