ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԵՐՈՒՆԴ

Հազար ազգ ու պետութիւն

Մահուան վճիռ կարդացին քու երեսին,

Հազար ազգ ու պետութիւն

Պատմութեան անէծքը խարանեցին քու ճակատին,

Եւ դեռ անոնք կը հաստատեն իրաւամբ,

Որ արեւելեան կողմն աշխարհի

Նախնադարեան կեանքն է տիրական,

Որ այստեղ, դարերը կանգ են առած վաղուց,

Քաղաքակրթութիւնը նահանջ կ’ապրի մնայուն:

Չեն սխալիր երբէք, երբ կը վկայեն,

Որ այստեղ անէծքն է միշտ գերազանց,

Անտառի օրէնքն է միշտ յաղթական,

Բանականութիւնը՝ միշտ զոհը տգիտութեան:

Պատերազմի սերունդ,

Ճակատագրուած է քեզի հեգնանքը մարդկութեան,

Տարտամ հեւք մը անկայուն գալիքի,

Պայքար, որ չունի իմաստ ու աւարտ,

Չունի բանական հիմք ու յստակ սահման.

Ոլորապտոյտ ընթացք է գոյութիւնդ արհեստական,

Որու շուրջապարին մէջ խօլական

Այսօր դուն, վաղն՝ ուրիշներ,

Պիտի կանգնին ու պարեն միշտ նոյն պարը դիւային.

Սթափի´ր ալ, սերոʹւնդ պատերազմի…

1989