ՊԱՏԳԱՄ
Ներկայ ու գալիք սերունդներուն
Ձեզի,
Սերունդներ՝ ներկայի ու գալիքի,
Ահա պատգամս վերջին։
Ո՜վ ականջ ունի, թող լսէ,
Ով ունի արեան կաթիլ թունդ,
Թող յիշէ...
Ձեզի՛, հայե՜ր ցիրուցան,
Իմ խօսքն ու պատգամը վերջին
Ան խորհուրդն է ու պատգամը մեր ցեղին։
Եթէ անգամ մոռնաս հայրդ ու մայրդ՝
Քեզ այնքան պաշտելի,
Չմոռնաս Արարատը մեր,
Որ սկիզբն է ու աւարտը ամէն խորհուրդի,
Խօսքի ու երազանքի, սիրոյ ու ճակատագրի։.
Ան ճիտին պարտքն է ամէն հայու զտարիւն,
Ան խորհրդանիշն է սրբութեան,
Մեր ցեղի անմահութեան։
2022