ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ
I.
Բարձրացայ սանդուխներն ի վեր՝
Առաջին յարկ, ապա երկրորդ,
Երբ հասայ չորրորդին՝
Ուժգին ցնցում մը զիս գլորեց ցած,
Ու հիմա, կրկին կը բարձրանամ վեր,
Բայց չեմ հասնիր առաջին յարկ։
II.
Լճեզերքին չոր տերեւներ կը ծփան,
Տխուր ժամանակներու
Թարմացած անդոհանքն են կարծես ու գալիքին՝
Անկարեկիր հպումը խոնաւ։
III.
Երբ նշան առի թռչունին փայտերանգ,
Դառնութիւն մը պատեց ներաշխարհս,
Ու միաժամանակ խաղաղութիւն,
Որովհետեւ գիտէի՝ պիտի չկարենամ հարուածել զայն։
Ան ծիծաղեցաւ, երբ տեսաւ թուլութիւնը հոգիիս։
IV.
Ներոն այրեց Հռոմը իր փառքի գագաթնակէտին,
Հիթլէր՝ Եւրոպան. անոնք հրէշնե՜ր էին:
Կիները կ᾿այրեն ամէն օր մեր հոգիները խռով,
Բայց հրէշներ չեն, այլեւ՝ հրշէջներ խորամանկ։
V.
Գրելու համար տարինե՜րս այրեցի, ու հոգի՜ս,
Ապրելու համար կատարեցի ո՜չ մէկ ճիգ,
Երբ ժամը հասնի հրաժեշտի,
Արիւնս պիտի խայտայ երակներուս մէջ, գիտե՜մ։
VI.
Մեր մարմինները՝ կաղապարներն են մեր, անփոփոխ,
Ներսը թոյն, ախտ ու ժահր է, գուցէ այգի ու բուրաստան.
Մեր մարմինները՝ մեր պարտութիւնն են յարաճուն,
Հոն կը մեռնին սխրանք, կիրք, պատրանքնե՜ր անհուն։
VII.
Պտոյտի ելած էի փողոցն ի վեր,
Տեսայ աղբի կոյտեր անկիւնները կուտակուած,
Ճանճեր ու առնէտներ հանդէս կ᾿ընէին ուրախ,
Շուներն անդին կը յղփանային,
Անոնք տէրեր ունէին՝ հոգատար։
Ծերունին նստած տան շէմին՝
Կը դիտէր դառնացած…
VIII.
Ջութակը թաղուած էր փոշիներու մէջ,
Սպասուհին չէր համարձակեր մաքրել զայն.
Իրեն պատուիրած էին չդպչիլ անոր,
Որովհետեւ իր տէրը կրնար նեղանալ.
Իր տէրը վաղուց էր մեռած։
XII.
Տեսայ վարդապետ մը՝ ծառ կը կտրէր գոհունակ,
Զայրացայ, բայց ծիծաղեցայ միաժամանակ.
Ան հպարտ էր իր արարքով,
Ամօթի իր ձանձրոյթը կը ծածկէր ան,
Անէծքին դէմ ծառ կը կտրէր հպարտ,
Ի վերջոյ մարդ էր հողեղէն,
Իր փայտեայ սնարը կը շինէր հոգեվարքի մէջ։
IX.
Առաջ խենթերու հանդիպիլը
Հազուադէպ երեւոյթ էր
Ու տարօրինակ նաեւ.
Հիմա ո՞րն է տարօրինակը՝
Բազմացող խենթե՞րը,
Թէ՞ չքացող խելօքները…
X.
Նպառավաճառին կշիռքին վրայ,
Դրի մեր դաշտերու բերքէն հունձք մը.
Կշիռքը հաւասարակշռեց մետաղը ծանր.
Բայց մեր արտերը կ᾿արտասուեն լուռ։
2012
ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, 18- 2013, էջ 30- 31։