ՊԱՅՔԱՐՆ Է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Դաժան կռիւ է մեր ուղին ցայսօր,
Մահ կամ ազատութիւնն է մեր ուխտը առ այսօր,
Հազար տարի անարգած են մեզ ամէն առիթի,
Մենք խաղաղ կեանքն ենք փայփայած ամէն քայլափոխի։
Մեր անխախտ հաւատքն է եղած մեր զէնքը հզօր,
Մեր փառապանծ մշակոյթը՝ մեր վահանը ամրակուռ,
Մեր բազուկը՝ առի՛ ու հուժկու, օրհասական պահերուն,
Հայուն պայքարը դաժան է, արհաւիրքներով լեցուն։
Նենգ ու ոխակալ ոսոխին թիրախն ենք այսօր,
Մեր ցեղի գոյութիւնն է արդ դրուած նժարին վրայ,
Պիտի տոկա՛նք, պայքարինք ու յարատեւենք աննկուն,
Որ նոր ջարդ ու եղեռն մեզ չդարպասեն կրկին։
Ո՜վ սերունդներ Հայկեան ցեղի, որդիներ Վահագնի,
Միացէք այսօր, վաղն արդէն ուշ պիտի ըլլայ,
Յիշեցէ՛ք անցեալը, օրերը մեր պանծալի,
Մեր տեսիլքն անշեղ է, մեր կռիւը՝ սրբազան,
Մեր ապագան գալիք հազարամեակներն են անսասան։
2022