ՊԱՀԸ ՄԵՂԱՅԻ... ՊԱՀԸ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ

թուրքին

 

Դա՜ր է անցեր արդէն

Այն մեծ ողբերգութենէն,

Երբ ճիւաղային ծրագրով մը մոլեգին

Յօշոտեցիք,

             կոտորեցիք,

Մերկ եաթաղաններով անմեղ արիւն հոսեցուցիք,

Արեան անապատներուն մէջ թաղեցիք,

Եփրատի ջուրերուն մէջ ողջ-ողջ խեղդեցիք,

Ցեղը մեր վերածեցիք մարդկային խլեակի,

Մեր պատիւն ու նամուսը վերածեցիք քուրջի,

Ծիծաղեցաք,

              նզովեցիք,

                           քրքջացիք,

Հայուն հարցը լուծա՜ծ ըլլալու գոռոզութեամբ յոխորտացի՛ք

Ու մեզ վերացուցած ըլլալու երանութեամբ՝

                                        հանգի՜ստ ննջեցիք...

 

Դա՜ր է անցեր այն օրէն,

Երբ դուրս շպրտեցիք մեզ մեր բնօրրանէն,

                մեր պապերուն հայրենիքէն,

Մեր արտերէն,

Լեռներէն,

Տուներէն վտարեցիք,

 

Քանդեցիք հիմնայատակ օճախները մեր հաւատքի,

Մեր տուները շէն վերածեցիք ախոռի,

Մշակոյթի մեր կոթողները կործանեցիք,

Հազարամեայ մեր հողերը խլելով՝

Անէծքի ու ատելութեան թոյն փսխեցիք

Ու դարձաք տէ՜րը հայոց աշխարհին.

 

Դա՜ր է անցեր այն օրէն,

Երբ պատմութիւնը նենգաբար խեղաթիւրեցիք,

Երբ մեր ցաւը խոր՝ հեգնեցի՛ք,

Ձեր ցեղի ցեղասպան արարքը նկատեցիք երեւակայածի՜ն,

Ու ազնիւ պայքարն հայու՝ ահաբեկչութի՜ւն ձաղկելի...

 

Մերժեցիք ձայնը արդարութեան,

Թաղեցիք ձեր անցեալը արիւնարբու,

Լռութեան մատնեցիք խիղճը մարդկութեան,

Ու արեան մեր կանչերը վերածեցիք բարբանջանքի։

 

Դա՜ր է անցեր այն օրէն,

Երբ խորացաւ վիհը ատելութեան,

Աճեցան կիրքերը թշնամական,

Երբ մեր պապենական տուներէն մեզ արմատախիլ ըրած՝

Դրժեցի՜ք մեր ժողովուրդի իրաւունքն անոր վրայ,

Երբ մեր մայրերուն, հայրերուն սպանդը դաժան

Նկատեցիք վրէժխնդրութիւնը բնութեան,

դժբախտ պատահար բնական,

 

Եւ կրկնակի սպաննեցիք անոնց հոգին պայծառ,

                                      անոնց յիշատակն անմար,

Ենթարկելէ ետք զանոնք հաշուեյարդարի ամբողջական։

 

Բայց մենք հաւատացի՜նք մեր պապերու արեան կանչին,

Անոնց ցաւատանջ աճիւններու լո՜ւռ աղաղակին,

Արդարութեան անխուսափելի՛ յաղթանակին...

 

Յուսացինք, որ սերունդները յաջորդական

   պիտի հուսկ գիտակցին

Անցեալի ցեղասպան ձեր արարքը հրէշային,

Զոր ձեր պապերը գործադրեցին խաղաղասէր իմ ցեղին. 

Հաւատացինք այն օրուան,

Երբ ճշմարտութիւնը լուսաբացին նման պիտի շողայ

Ձեր, մե՜ր... երկնակամարին վրայ՝

Վոսփորէն մինչեւ Անի ու Կարս...

 

Ո՜վ թուրք սերունդներ նոր ժամանակի,

Մեր ճանապարհը եղաւ ատելութեամբ լի,

                           արիւնով խաչաձեւուած.

Մեր ճակատագիրը դարձաւ դաժան, արիւնաբորբ,

Մեր նախնիներու ցաւը, տառապանքը ընդմիշտ բաժնած,

Մեր հաւաքական յիշողութիւնը կը մնայ անտեղիտալի,

                           տիրական ինչպէս երէկը վառ,

Ու մեր ցաւը գերազանց՝ կոտտացող վէրք մը խոր...

 

Ա՜լ կը բաւէ ատելութիւնն այս վերածէ ձեզ կոյրի.

 

Ժամն է արութեան ու ճշմարտութեան,

Ժամն է անցեալի ձեր մեղքերու քաւութեան...

 

Մենք դեռ անձկութեամբ կ’ուզենք հաւատալ,

Որ պիտի ծառանաք ամօթի ճահիճներէն,

Որ պիտի ցանկաք ձեր էութիւնը թարախակալած

Անցեալի մեղքի ու վէրքի սպիացման։

 

Դուք այլ ուղի չունիք, բացի մեղայէն,

Այլ ընտրանք չունիք, բացի զղջումէն,

Դուք խաղաղութիւն չունիք՝ առանց հատուցման,

Արդա՜ր հատուցումէն մեր ցեղին...

Մեր պապենական հողերու անկորնչելի մեր իրաւունքին՝

Մենք պիտի ի վերջոյ հասնինք... Եղէ՛ք վստահ։

Մեր նահատակներուն արեան գինը պիտի հատուցէք,

Դարերը վկայ մեր յամառ կամքին ու կորովին։

 

Առ այդ՝ եղէ՛ք վստահ,

Մենք պիտի յամառօրէն կառչինք արդարութեա՜ն

            հարիւրամեայ մեր պայքարին,

Մենք պիտի դիմադրենք մոռացութեան տալու

            հին թէ նոր բոլոր խարդաւանքներուն,

Մենք պիտի չմոռնա՜նք Տէր-Զօրի սրտակեղէք ճիչերը

            նոր ժամանակներու երկդիմի կոչերուն դիմաց,

           թէկուզ փոշիացնէք խորհրդանիշն այդ սրբազան։

Մենք պիտի շարունակենք մեր անշեղ ճանապարհը,

Մինչեւ որ ճանչնաք ձեր ցեղասպան անցեալը,

 

Մինչեւ որ ընդունիք ձեր գործած Մեծ Եղեռնը...

 

Վաղ թէ ուշ

Պիտի գայ պահը մեղայի...

                               Պահը հատուցմա՛ն...


2022