ՉԷԻ ԳԻՏԵՐ
Պատերազմ, մահ ու աւեր,
Կորուստներ հարազատի
Շա՜տ եմ տեսեր.
Բայց յոռեգոյնը, ահաւորը՛
Հայրենի հողի կորուստն էր,
Որուն ականատես չէի, չէի գիտեր,
Հիմա գիտեմ։
Ու հիմա, մոլագար խենթի մը նման,
Նզովե՞մ բախտը մեր,
Դառնութիւնն այս անհուն,
Գողգոթան, որ կ’ապրիմ...
2020