Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՍ
Այսպէս շուար, այսպէս մոլար ու խոհուն,
Միտք իմ չարչրկած, արհաւիրքներով ծանրաբեռն,
Կը քալես կածաններէ մեկուսի, անհաշտ՝ դուն քեզի,
Կը փորձես մեկնել, գտնել ճար ու դարման՝
Օրերուդ բորբ ու բոսոր, գալարումներուդ՝ անողոք,
Աղջամուղջին գացող ուրուականի մը նման սրտաբեկ,
Կ’երթաս հեռո՜ւ, չես գիտեր, ո՞ւր կ’երթաս …։
Միտք իմ չարչրկած,
Ո՞ւր կ’երթաս, այսպէս շուա՜ր ու խոհուն:
2022