Ո՞ՒՐ ԿʼԵՐԹԱՍ

Այսպէս շուար, մոլար ու խոհուն,

Միտք իմ չարչրկած, արհաւիրքներով ծանրաբեռն,

Կը քալես կածաններէ մեկուսի, անհաշտ՝ դուն քեզի,

Կը փորձես գտնել ճար ու նոր դարման

Օրերուդ բորբ ու բոսոր, գալարումներուդ՝  անողոք,

Աղջամուղջին գացող ուրուականի մը նման սրտաբեկ,

Կʼերթաս հեռո՜ւ, չես գիտեր՝ ո՞ւր ...։

 

Միտք իմ չարչրկած,

Ո՞ւր կերթաս այսպէս շուա՜ր ու խոհուն։


2022