Ո՞ՒՐ ԵՍ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ...
Ո՛վ մարդկային արդարութիւն,
թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատիդ։
Սիամանթօ
Օրհասական պահն է, յիրաւի։
Ա՜զգ մը, պայքար ու տառապանք ապրած,
Ցեղասպանութեան, ոչնչացման արհաւիրքը դիմակայած,
Կենաց-մահու դաժան ճակատագրին դէմ յանդիման
Կը կռուի ազատ ապրելու արդար իրաւունքին համար։
Ի՞նչն է տարօրինակ, ինչո՞ւ այսքան ատելութիւն ու թշնամանք,
Կիրք, նախանձ ու անտարբերութիւն
Կը հալածեն զինք հալածախտի մը նման։
Հայը բնաջնջելու պատերազմ է շղթայազերծուած, կրկին անգամ.
Պատերազմ՝ գերհզօր միջոցներով, արդիակա՜ն...
Անխնայ կռիւ է Հայաստան աշխարհի դարպասին վրայ արեւելեան,
Վերջին կռիւն է, լինելութեան գոյապայքարը յիրաւի,
Թուրքը ահաբեկչութեան թաթն է նետած մեր կոկորդին,
Աշխարհն ալ լո՜ւռ, կը դիտէ երկդիմի նենգութեամբ։
Անտարբե՜ր աշխարհ, անիծուի՛ս հայ սերունդներէն դարէ դար,
Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, չկայ վրադ ոչ յոյս, ոչ ա՜լ հաւատք։
Հայն այսօր կը կռուի վերջին կռիւը օրհասական, մինա՜կ,
Թող ձեր արդարութիւնը երթայ աղբանոցը պատմութեան,
Ու երբ թուրքին եաթաղանը հասնի ձեր վզին,
Չմոռնա՛ք աղէկէզ անէ՜ծքը հայ մանուկին, սգաւոր հայ մօր՝
Ձեր ճակատին խարանուած։
2020