Ո՞ՒՐ ԵՍ
Կը քալեմ փողոցներէն, մոլորաքայլ,
Դէմքիդ կայծն է ու խայծը՝ միշտ իմ դիմաց,
Կը թափառիմ մոլոր ու շփոթած,
Պատկերդ է միշտ ներաշխարհս դարպասած։
Կ’ըսեմ՝ ահա պիտի կանգնի իմ դիմաց,
Խարանէ մոխիրը հանգած։
Բայց դուն չկա՜ս,
Պատրանքդ է միշտ քունս տարած,
Մտամոլոր փողոցներէն քայլերս ուղղած։
Կը յիշե՞ս օրերը մեր, որ անցան կրքոտ,
Անոնք գացին գաղթող արագիլներուն
Հետքերով, դարձան երգ, յուշ ու կարօտ...
Դուն ալ գացիր արագիլին նման անտարբեր,
Երազի մը նման յիշարժան,
Աստղի մը նման մարմրող,
Իսկ ես կը քալեմ փողոցներէն յամրաքայլ,
Դէմքիդ կայծն է ու խայծը՝ միշտ իմ դիմաց...
2018