Ո՞ՒՐ

Ո՞ւր կ᾿առաջնորդեն կածաններն այս մոլոր,

Որ փշոտ մացառի նման կը կճեն մնայուն,

Ուր մահուան ուրուականը ու ժխորը մարտերուն

Կը կրծեն մեր էութեան բջիջները անդուլ։

Մերթ տխրութեան մագիլներն են հզօր,

Ու մերթ ալ՝ ժանիքները յուսալքութեան,

Կը փշրեն վաղուան թարմ զեփիւռը գարնանային,

Ցաւ ու վիշտ սրսկելով հոգիներուն մէջ անզօր։

Ո՞ւր կը տանին այս ուղիները մոլոր,

Եւ ո՞ւր կ᾿առաջնորդեն մեր քայլերը անուղղայ.

Երազներէն անդին՝ ո՞ւր է սա հրաշքը հեքիաթային,

Որ խոստացան մեզի երբ մեր քայլերն էին բեկուն,

Երբ մեր առաջին քայլերը նետեցինք տան շէմէն դուրս։

2013

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 20-2013, էջ 45-46։