ՈՒՇԱՑԱԾ ՍԷՐ, ԱՆՏԵՂԻ ՍԻՐԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ձեր սիրաբանութեան մէջ, թէկուզ ուշացած,

Եղէ՛ք վստահ, արտառոց բան չկայ։

Ձեզ բնութիւնն ու կարիքն է միացուցած,

Առեւտուրի շուկայական հաշիւները բնական։

Անբնականը պարզապէս

Ձեր անպատեհ սիրահարութիւնն է կատաղի,

Երբ ձեր կարիքներն են գոհացուած,

Իրար խաբութեան մոլուցքն այս

Դարձած է բոլորին տեսանելի, առօրեայ թեմա,

Նոյնիսկ Ռոմեոյի ու Ժիւլիէթի սէրը կրքազերծ

Արդէն նսեմ օրինակ է ձեր մեղկ կենակցութեան։

 

Երջանիկ սէր, ուշացա՜ծ սէր, բայց բուռն, յախուռն,

Ինչպէս կրակարանի ճարճատիւն գոլը՝ մութ ձմրան,

Երանի՜ չտեսնէի պայծառ դէմքը գալիքին,

Ճակատագրի անպիտան խաղին, հեգնանքին։

Հաւատացէ՛ք սիրահարութիւնն այս անտեղի,

Ճշմարտութիւն է՝ պարզ ամբոխին համար,

Նաեւ ձեզի, յղփացած թէեւ, կը սիրէք տեսնել,

Ներոնին նման,

Ձեր սիրոյն կործանման շարժը տարերային։


2019