ՈՒՂԵՐՁ

Մենք յագեցած ենք ձեր սուտերէն,

Ձեր դաւերէն անվերջ։

Դուք պղծած էք

Արժէքները մարդկային,

Անբարոյ ձեր տիրութեամբ

Հասցուցիք երկիրն այս

Անդունդի եզրին.

Ճակատագիրն էք մեր դրած գրաւի,

Ազգ ու հայրենիք վերածած քուրջի,

Յանձնած քամիներուն անուղղայ։

 

Քառորդ դար անկախութիւն...

Երազեցինք արժանապատիւ կեանք

Արդար ու հզօ՜ր պետութիւն։

Ի՞նչ ըրիք դո՛ւք այսքան ժամանակ,

Թալանեցիք, յղփացաք,

Ստեցիք ու տիրեցիք միայն,

Ողբ տարածեցիք չորսդին.

Ժողովուրդ մը ընչաքաղց ու որբ դարձուցիք

Ու ձեր անառիկ դղեակներէն հեգնաբար

Լեզու եւ ոգի հանեցիք վաճառքի։

Գաղթի դռները լայն բացած՝

Հարազատ ժողովուրդը շպրտեցիք դուրս,

Մեզ ալ «կթան կով»ի տեղ դրած, ծաղրի վերածեցիք,

Դեռ ալ կը դարպասէք՝ կորզելու մնացորդացը հնչիւն։

 

Ձեր ո՞ր մեղքին պարսաւեմ,

Մերօրեայ թալանչիներ,

Մինչեւ ձեր ողնածուծը փտած

Անպիտա՛ն կրեսոսներ,

Տականքը մեր տեսակին,

Որ խլեց հայուն ոգին իր սաղմերէն հնաւանդ։

Մինչ հայը կը տնքայ, կ’անձկայ արդարօրէն

Ապրիլ խաղաղ ու արժանապատի՛ւ իր հողին վրայ,

Ոչ թշուառ, ցաւի ու զրկանքի մէջ։

Մի՞թէ շատ էր այդ պահանջը բնական,

Գուցէ կը հաւատաք, թէ կարող էք խուսափի՞լ

Հայուն դատաստանէն յապաղած.

 

Մենք կը հաւատա՛նք արշալոյսին, որ պիտի ծագի, Չտարակուսի՛ք, ի վերջոյ դատաստանին դիմաց ժողովուրդին

Դուք պիտի խոնարհէք ձեր գլուխները արդար դահիճին։

Աւա՛ղ, գուցէ ուշ հասնի օրն այդ,

Երբ ձեր արիւնը յեղուած ըլլայ զոհասեղանին վրայ։

 

Մեր ցաւը խո՜ր է, տառապանքը՝ անվախճան,

Հայը ընկճողը ներքին թշնամին է իրաւամբ,

Ձեր աւերը մեծ եղաւ մեր երկրին ու գոյերթին,

Նզովուի՛ք, ազնուականութեան պատմուճան հագած

Հրէշներ ողորմելի...


2016