ՈՒԶԵՑՒ ՀԱՒԱՏԱԼ

Ուզեցի հաւատալ, թէ կրնաս փոխել,

Շրջել օրերուն գահավիժումը.

Ուզեցի հաւատալ, որ կրնաս ղեկն ըլլալ

Իմ ալեկուլ նաւուն, իմ հեւքին անդուլ.

Բայց նոյն բախտին, նոյն անելին,

Ոլոր ու մոլոր յորձանուտին ընդմէջէն

Կը քաշքշեմ նաւն իմ ալեծածան.


Ուզեցի հաւատալ, որ պիտի լաստն ըլլաս փրկարար,

Քինահատոյց, իմ փոթորկոտ ծովուն.-

Ուզեցի հաւատալ...բայց ի զո՜ւր…


Բայց մեղաւորը դուն չե´ս, սիրելիս,

Ժամանակն է մեղաւոր.

Ինչպէ՞ս կարելի է սանձել ծովը խռովուած,

Փոթորիկի ահեղակուլ պայքարին մէջ,

Ինչպէ՞ս պիտի ղեկն ըլլայիր,

Երբ նաւը խոցուած էր ներքուստ,

Այդպէս էր ճակատագրուած, չէ՜,

Բայց մենք չհաւատացինք,

Որ կարելի չէ վանել գիշերի սարսափը,

Լռեցնել մահուան գոյժը սիրոյ լուսամուտներով,

Վանել օրերու թանձրութիւնը մեզ կլանող,

Բայց ինչո՞ւ հաւատայինք, երբ կար միակ բանը՝

Որ մեզ կը պահէր անբաժան,-

Մեր սիրոյ առաւօտները քաղցրահամ…

2016

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 25-2016, էջ 23-24: