ՈՐՈՆՈՒՄ...

Որոնումի երկունքն է ամէն սահող ժամ,

ամէն րոպէ, խոնաւ թէ ցամաք.

Ինքնութեան որոնումն է կրկին

Ու հազարումէկ հարցականներ,

Մերթ կը թուին շէնշող աստղեր

Ու մերթ՝ մութ ու ամպամած հորիզոն միայն:

Որոնումն է քսանհինգամեայ,

Տարի մըն ալ աւելի՜, երկա՜ր ինչպէս դար,

Կ’անցնին օրերը, ամիսները,

Կ’անցնին եւ տարիները աննշմար,

Տարիները րոպէներ են միայն,

Րոպէները յաճախ դարեր են անվերջ,

Դարեր անձկութեան ու մորմոքի,

Երկունքի, կուլ տրուած արցունքի շիթերու...

Տարիները կ’անցնին թուաբանական,

Հեգնական ու անողոք հաշուարկով մը.

Կը մնան անդին այս խօսքերը հոգեմաշ,

Մոռացութեան ճակատագրին յանձնուած.

Բայց այդ խօսքերը կու տան ինծի

Դողդոջ հաւատք մը վաղուան...

Որոնումի երկունքն է, ինչպէս որեւէ ժամ,

Վա՜ղն է իմ մտատանջութի՜ւնը գերակայ...:

1989