Ո՞Վ ԵՍ, Ո՞ՒՐ ԵՍ ԴՈՒՆ
Խնդրեցի զնա՝ եւ ոչ գտի։
«Երգ երգոց»
Փնտռեցի քեզի, բայց չգտա՛յ։
Գիշերին երերուն շուքդ կ’որոնեմ,
Արշալոյսին՝ տեսիլքդ հաւակնոտ.
Մոլորած թրուպատուրին նման՝
Անուրջներուս մէջ երէկս կը հալածեմ,
Բայց ան կը փախչի, Հալածեալ եղնիկի մը նման։
Իսկ դուն, սիրելի՛ս,
Ո՛չ երազ ես, ո՛չ տեսիլք,
Ո՛չ ստուեր ես, ո՛չ խաբկանք,
Պահանջք ես այսօր, երէկիս մէջ, Հալածանք մը վաղուան անուրջներուս մէջ,
Դուն կաս, անձկութեանս մէջ ու մտքերուս,
Ծառերուն ետին կորսուած լուսնին պէս։
Դուն սիրոյս գիշերն ես
Ու արեւածագը միաժամանակ,
Հոգիս ես ու մարմինս,
Պատրանքի մը պէս շքեղ,
Ոգի մըն ես անուրջներուս մէջ,
Մի՛շտ տիրող, մի՛շտ ներկայ։
Բացակայութիւնդ անգամ եռեւեփող,
Հին ժամանակներու գրգանքն ես,
Երա՜զն ես,
Իրակա՛ն, երազի մը պէս վա՜ռ։
Ո՞վ ես,
Ո՜ւր ես դուն,
Անծանօթ ոգի՛ թափառական։
2021