Ո՛Չ ՄԷԿ ԿԱԹԻԼ ՉՎԱՏՆՈՒԵՑԱՒ Ի ԶՈՒՐ

Արեան ոչ մէկ կաթիլ չվատնուեցաւ ի զուր

                                            երակներուս մէջ.

Ամէն պոռթկում շիթ մըն էր արշալոյսի

                                         հոգւոյս մէջ.

 

Չզղջացի ցաւերուն համար, զորս կրեցի,

Ծծեցի չոր սպունգի մը նման, գիտակից՝

Թէ աղջամուղջին պիտի յաջորդեն

Շողերը յուսատենչ՝ նոր արշալոյսին հմայքով առլցուն,

Թէկուզ ամէն նոր օր դարձաւ կոտտանքի,

Նորաստեղծ ցաւի ու երկունքի պահ հառաչալի։

 

Տարտամ գիշերներս չվատնուեցան ի զուր,

Օ՜հ, գիշերները մթին ու խորախորհուրդ,

Երաժշտութեան ելեւէջներուն հետ ծփուն,

Դարձան վերապրումի ու տեսիլքի պահեր մշտարթուն։

 

Ո՛չ մէկ զղջում լուռ ցաւերուն, զորս կրեցի յօժարակամ, Ընդունեցի կիրքով մը քամահրական,

Երակներուս բոսոր արեան գոյապայքարին հետ,

Վաղուան հզօր արեւուն կիրքը քմած անոնց մէջ.

 

Ես խմեցի դառնութեան բաժակին կաթիլները ցմրուր,

Երանութեան կարճ վայելքներն ալ հոգիիս կպած՝

Մնացին յիշատակարան սրբազան

 

Ու դարձան նշխար եւ մասունք։

 

Արեան ոչ մէկ կաթիլ չվատնուեցաւ ի զուր երակներուս մէջ,

Անոնք նոր երազներու ծիլերն էին խանձած հողին մէջ տրոփիւն...։

 

2022