Ո՛Չ, ՄԵՆՔ ՀԱՅ ՉԵ՛ՆՔ
Օ՜հ, ոչ, մենք հայ չենք, Վա՛յ ենք,
Ա՜յ ենք,
Խայ ենք, ռայա ենք,
Բայց հայ չենք...
Օ՜հ, ոչ, մենք ազգ չենք,
Լծորդութիւններ ենք միայն,
Տարբաղադրուած հիւլէներու նման
Ցանուցիր ցեղը աշխարհիս երեսին,
Զոհն ենք եւ դահիճը մեր պատմութեան...
Մենք անթիլիասական ենք, կամ Էջմիածնական,
Դաշնակցական ենք, կամ հնչակեան, ռամկավար,
Դեռ անջատեալ ռամկավար, Արմենական կամ ՀՌԱԿ,
Մենք հայաստանցի ենք, արցախցի ենք։
Օ՜հ, ո՛չ, մենք արեւմտահայ ենք, Կիլիկեցի ենք,
Կամ՝ սփիւռքահայ,
Մենք պոլսեցի ենք,
Լիբանանահայ կամ ռուսահայ,
Սուրիահայ կամ ֆրանսահայ,
Ամերիկահայ կամ սաղիմահայ,
Այնթապցի, մարաշցի, եւ կամ ուրիշ բան.
Բայց հայ չենք, ոչ ալ ազգ միատարր...
Օ՜հ, ոչ, մենք ազգ չենք,
Ապիկար ենք, ատելավար ենք,
Անմիաբան ենք, իրարատեաց ենք,
Չէրչի ենք, կրքոտ ու ամբոխավար,
Մենք քիչ մը ամէն ինչ ենք,
Բայց ո՛չ լիիրաւ ազգ, այլոց նման։
Կը գոյատեւենք լուսանցքի եզրին,
Բախտի քամիներուն յանձնուած,
Հնամաշ տապանի մը նման...
Օ՜հ, ոչ, մենք ազգ չենք,
Մենք ամէն ինչ ենք, բայց ոչ ազգ.
Երէկ՝ համայնավար,
Այսօր՝ հանրապետական կամ ան «բարգաւաճ»,
Լուսաւոր, բայց խաւարն ու միջնադարը գրկած,
Ո՛չ ձախակողմեան, ո՛չ աջակողմեան,
Ռուսասէր կամ արեւմտամէտ,
ո՛չ հայամէտ,
Անցեալին պարթեւասէր կամ յունասէր,
Եկեղեցասէր, բայց ո՛չ քրիստոնեայ։
Օ՜հ, ոչ, մենք մէկ ազգ չենք,
Տարտղնուած՝ երկրի երեսին,
Կը տուայտինք հրաշքով մը անյայտ...
Մենք ազգ չենք, ամբո՜խ չենք կատաղի,
Մենք տարօրինակ ձուլումն ենք երկուքին,
Ամբոխավար ազգ ենք, ազգի պէս,
ամբոխի նման,
Ու քիչ մըն ալ աւելի...
Հիմա ըսէ՛ք, խնդրեմ, ի՞նչ ենք մենք...
Բարդոյթներո՞ւ, թէ՞ մորմոքի շտեմարան.
Հիմա բացատրեցէք պարզապէս՝
Ո՞րն է գաղտնիքը մեր գոյատեւման այսքան ժամանակ...։
2018