ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՈՂ ԱՇԽԱՐՀ

Մի՞թէ աշխարհը անելի դիմաց է կանգնած,

Թէ՞ մենք չգիտէինք,- գիտէինք երեւի-

Որ նորոյթ է, այլեւ բնական է դարձած մարդուն մերօրեայ,

Ըլլլալ այնքան վատոգի, քինախանձ

Ու անզօր, որ չկարենայ արմատախիլ ընել

Չարիքը՝ հոգիին մէջ արմատացած։

 

Դա՞ւն է հիմա համատարած,

Փտածութի՞ւնն է, արտօնեալ, տիրական,

Թէ՞ սուտին վարակը, համաճարակ դարձած,

Կը սպաննէ, կը լլկէ մեզ, իսկ մենք

Կը մնանք անկար, անզօր, անտարբե՜ր։

 

Ողջակիզման այս անողոք դարուն,

Երբ կրօնքն ու արժէքները զոհն են,

Գործիքը մարդուն ինքնակործանման,

Երբ տաճարն է դարձած նոխազ ու զոհ,

Կրօնքը՝ զէնք, ուժեղին, շէյխին ու կղերին

Ձեռքին, կը հայցէ գութն ու ողորմութիւնը անոնց։

 

Ի՞նչ մնաց տկարին, խեղճին ու զոհին,

Ի՞նչ մնաց ազնիւ ու պարկեշտ մարդուն,

Դիմակայելու, ողորմութիւն հայցելէն անդին,

 

Տուայտող յոյս թէ կորով ուրկից ծնի ան,

Երբ չարն է գերիշխող, չարիքը՝ համատարա՜ծ,

Երբ քաոս ու մահ կը տիրէ չորսդին։

 

Մնաս բարով, ողջակիզուո՜ղ Աշխարհ,

Երթայք խաղաղութեամբ, մարդկութի՜ւն անզօր,

Անյոյս են բոլոր ճիգերը արդարին յաղթութեան։


2019