ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ

Նոր տարուան սեմին,

Մխիթարութեան ի՞նչ խօսք

Կարող է մեզ նոր յոյս ներշնչել,

Ի՞նչ ապագայ կարող է նոր

Հորիզոններ բանալ մեր դիմաց:

Մեր դիմաց, աւելի քան երբէք,

Նորանոր յուախաբութիւններու,

Կրկնուող, անվերջ յուսալքումներու

Երկար ուղի մըն է, որ պիտի չաւարտի երբէք,

Պիտի մնայ ուղի մը տաժանելի,

Դաժանօրէն մեզի վիճակուած...

Նոր տարուան սեմին,

Մեր աչքերը թաց

Կ’ուղղուին մայր Հայաստան,

Ուր ոչ մէկ հնարք կամ գերիվեր ուժ կրնայ ջնջել

Ահաւոր կսկիծն ու ողբը հոն թառած:

Փրկարար ոչ մէկ ձեռք կը մնայ

Այս դաժան ճակատագրի հիմքերը քանդող,

Նոր ու պայծառ ապագայ մը աւետող...

Նոր տարուան սեմին,

Ողջ հայութեան վիճակուած

Սա խիստ ծանր հանգրուանին,

Յոյսի ու արշալոյսի ոչ մէկ նշոյլ

Կրնայ փարատել ահաւոր խաւարը,

Որ կը պատէ հիմա մեր հոգին:

Նոր տարուան սեմին,

Նորը աւելի ողբերգական,

Աւելի անհեթեթ, քան հինը:

Նոր տարուան սեմին,

Հայրենիքի անհուն ցաւին միացած,

Կը գալարուինք ազգովին:

1988