ՆՈՐ ՀՐԱՇՔԻՆ
Խաւարն է ամեհի ու տիրական...
Թանձր գիշեր մը հոգեվարքի,
Երբ երկինքը կը շնչէ ապականութիւնները մարդուն,
Մրմունջը, ցաւն ու ճիչը մեղկ աշխարհին։
Կը խորհիս՝ ի՞նչ դժուարին առաքելութիւն
Անջրպետին այս խոր ու անհո՜ւն,
Երկնքին այս հա՜մր,
Որ սպունգի նման կը ծծէ խելագար կիրքը մարդուն,
Սրտաճաք ճիչն ու քանդումները օրն ի բուն,
Ու կը տոկա՜յ կրկնուող աւերին ահագնութեան
Լծուելով ինքնամաքրութեան արշաւի մը խուլ,
մագնիսի մը նման.
Երախտարժան ճիգ մը իրօք,
գիշերին մէջ վճիտ ու բաբախուն։
Գիշեր է հոգեվարքի,
Հետզհետէ կը նուաղին կիրքերը մեղկ օրուան,
Նոր հրաշքի մը լուսաճաճանչ փթթումը կը սպասուի...
2022