ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄԸ ՍԵՄԻՆ
Ալեկոծ ծովուն վրայ
Ահաբեկ նաւն եմ այս գիշեր:
Մտորումներու քուրային մէջ,
Խոհերս կը քաշքշեմ,
Ինչպէս վիրաւորը՝ մարմինն իր:
Չժայթքած հրաբուխին եմ նման,
Լուռ ու մխացող,
Որ կը պատրաստուի ահաւոր գալիքին,
Երկիրը դղրդացնելու տեսիլքով,
Անձն իր ազատագրելու ձգտումով...:
Նոր հանգրուանի մը սեմին կանգնած,
Անձս դրած նժարին,
Արժէքներու նոր չափանիշ կը փնտռեմ,
Ամէն բան զոհելու գնով,
Նոր ուղի մը կը գծեմ կեանքիս մէջ,
Որոնումներուս որպէս վերջաբան,
Նորարար գալիքի մը ոտնահետքերով...:
Կը յառաջանամ հաստատ քայլերով,
Հպա՜րտ, խաղաղած մտքերով:
Փորձաքարին դիմաց աներեր կանգնած,
Անձս շահած արժէքներու գրաւով.
Արդարեւ, կը կանգնիմ արշալոյսին տանող
Նոր հանգրուանի մը սեմին...:
1984