ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍ

Այսօրուան պարտեալ ու արիւնաքամ հոգիներէն

Պիտի բորբոքի վրէժ մոլեռանդ, նոր ուխտը իմ ցեղին,

Աւերակներէն յառնող հաւատքի նոր ուխտը սրբազան

Պիտի մեր դիմաց բանայ յաղթանակի ճամբան որոտաձայն։

 

Որբացեալ հոգիներէն պիտի փայլատակէ նոր կամք,

Սխրանքներու ծարաւ իմ ցեղը պիտի կանգնի՜ ոտքի,

Ուժն ու բազուկն է անողոք, հայուն դափնին, դաշնակիցը խրոխտ։

 

Այսօրուան պարտեալ ու արիւնահոս հոգիներէն

Պիտի բացուի նոր յաղթանակի մը արշալոյսը կրկին...

 

2020