ՆՈ՜Ր ԱՐՇԱԼՈՅՍ
Մայրիներու երկրին մէջ ասպնջական, բզկտուած,
Կրկին սուգ է համատարած։ Չարն է յաղթանակած։
Կրկին հոգիներն են խռոված, մտքերը ահաբեկուած՝
Փոքր ածուին երկնակամարին տակ փոթորկած։
Կը փորձեն պառակտում սերմանել բոյնին աղէտաւոր,
Միջոցներով սատանայական կը ստեղծեն վիհե՜ր խոր,
Կ’ահաբեկեն մեծ ու փոքր, տարածելու ահ ու սարսափ,
Որ տիրեն փոքր երկրին ու դարձնեն զայն լծակ։
Կը փորձեն սպաննել հաւատքը որ ընդմիշտ կը կոտտայ,
Նետել զինք սարսափի շուրջպարի մը մէջ արիւնլուայ,
Կը փորձեն վերածել մեզ նախիրներու տարտղնուած,
Ստորակայութեան բարդոյթը վերածած օրէնքի համատարած։
Բայց ազատութեան կանչը կ’արձագանգէ բարձրաղաղակ,
Երազները քուլայ-քուլայ կը հագուին պատմուճան սպիտակ,
Հրապարակ կ’իջնեն միլիոններու թափօրով գազազած,
Թօթափելու ստրկութեան շղթան երկրէն գերեվարուած։
Արեան գինն է թանկ հայրենիքի բագինին վրայ հեղուած,
Անկախութեան երթն է, կ’աճի ձիւնամրրիկի նման ուռճացած,
Վերը երկինքն է ծաւի, կը ժպտի մանուկի նման անյա՜գ,
Մինչ ամբոխը կը տանի երազն իր՝ դագաղին տեղադրած։
Երթն է անխուսափելի, նո՜ր ապագայի մը գրաւական,
Պիտի ծորի արիւն առա՜տ, ճամբուն վրայ ազատութեան,
Ելի´ր ոտքի, Լիբանան, փիւնիկի՜ն նման հպարտ,
գրկէ´ երազնե՜րդ խաչեալ,
Արշալոյսը դիմաւորելու իջիր անկախութեան
հրապարակը ծովածաւալ։
Կար ժամանակ, կը ծիծաղէին որդիներուդ հասունութեան,
Հիմա կը տեսնեն հրաշքը քու կամքին, միասնութեա՜ն,
Հիմա կը լսեն երգերդ կրքոտ, կամքդ՝ հաստատ,
Ազատութեան երգն է, կը ճեղքէ երկինքը շղթայակապ։
Նո՜ր արշալոյս կը ծագի այսօր, hիւսիսէն hարաւ,
արեւելքէն արեւմուտք,
Ազատութեան արշալոյսն է, կ’արշաւէ արագ,
Գալիքի երգն է, կը մտնէ տունէ տուն,
յաղթութեան դրօշը պարզած,
Նո՜ր, ազա՜տ Լիբանանին արեւագալը գրկած
կը տողանցէ յաղթանակած։
2005