ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ

Նո՜ր աշխարհ,

Ահա կու գամ քեզի ես ալ,

Ընդմիշտ բաժնուելու

Այս ձանձրալի կեանքէն,

Մեր բզկտուած գոյութենէն,

Նոր ուղի նուաճելու,

Նոր կենսաոճ որդեգրելու,

Գուցէ որդեգրելու ուղի մը

Աւելի դժուար, բայց տարբեր,

Սովորութիւն դարձած հին օրէնքներէն,

Կապանքներէն երեւելի ու աներեւոյթ,

Կեանքի մը, որ մահ ու ծծումբ չի բուրեր,

Արժանավայել կեանքը դեռ արժէք է գերիվեր,

Գուցէ պայծառ նոր էջ մը բանայ,

Գուցէ փրկութեան բանալին ալ տայ,

Ազատագրէ՜ զիս երկարատեւ թմբիրէն

ու անողոք քաոսէն,

Ազատագրէ զիս խարխափանքէն

մտալլկող,

Դառնայ հեռուները տանող ուղին պայծառ...

1989