ՆՈՅՆ ՄԱՐԴՆ ԵՄ...
Խիստ եսապաշտ եմ դարձեր...
Կարծէք միայն ես եմ այս կեանքի լուսանցքին,
Տրտմութեան ախտը միայն մէջս է բոյն դրեր,
Կլաներ ողջ էութիւնս խարխափող։
Տրտմաթախիծ մտորումներու մէջ,
Լոկ իմ վիշտը կը մտալլկէ զիս հիմա,
Ու կը նետէ անյոյսին խոցող պատերուն։
Բայց մարդոց վիշտն ու տառապանքը,
Հաւատացէ´ք, շա՜տ կը ճնշեն.
Ամէնօրեայ տուայտանքը մարդուն,
Ճակատագրի հարուածները դաժան,
Նահանջը՝ յոյսի, հաւատքի, արժէքներու,
Շա՜տ է դժուար տեսնել, հաւատացէ´ք:
Վկայել, որ աշխարհը միշտ նոյն փորձադաշտն է
Պարտեալներու, հանդիսատեսներու,
Նոյն յամր ու անփոփոխ կեանքն է երէկէն այսօր,
Ու նոյն մարդիկը՝ անզօր ու յուսահատ,
Ո՜հ, հաւատացէ´ք, իմ ցաւն են ամէնօրեայ:
Կը ցանկամ դուրս գալ այս մտորումներէն,
Մոռնալ աշխարհն ու մարդիկը անբախտ,
Քալել նոր ճանապարհներէ, անբանի նման.
Բայց երբ արթննամ, միշտ նոյն աշխարհն է,
Ու ես նոյն մարդը՝ բիւր հարցերով ընկճուած...:
1989