ՆՈՅՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐՈՎ

Ճամբաներէն տարտամ եւ խռովայոյզ,

Աչքերդ յառած շէնշող երկինքին,

Քալէ՜ առաջ, երազներով յորդուն.

Ճամբաներէն այդ անցան մանուկներ երազկոտ,

Երբ վարդի նման բացուած իրենց կիրք հոգին

Կը տենչար լո՜յս, յո՜յզ եւ յաւերժ երանութիւն:

Ճամբաներէն լուռ, տխրադալուկ,

Նայուածքդ սեւեռէ հետեւող ամբոխին

Ու քալէ՜ առաջ, խոյանքով մը խուլ.

Ճամբաներէն այդ կը քալեն անհամար մարդիկ,

Որ օր մը անյուշ, պիտի դառնային թիւ ու համրանք միայն:

Փախչող երազներու նման, զերդ արագիլ ու կռունկ,

Դարերէ ի վեր կը քալեն մարդիկ, ուղիներէ անհաշտ,

Իրենց աչքերը միշտ յառած լուսաշող արեւին,

Իրենց հոգիներուն մէջ ափ մը երկինք գրկած,

Բայց աղջամուղջին մէջ ցերեկի՝ պիտի դառնան յուշ, յիշատակ,

Ինչպէս աստղերն սքօղ գիշերին մէջ փոթորկայոյզ:

2017

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 29-2018, էջ 31-32։