ՆՈՅՆ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ ՏԱԿ
Այս երկնակամարին տակ
Միշտ նոյն աշխարհն է, անփոփոխ,
Նոյն իրականութիւնը՝ կրկներեւոյթ,
Նոյն մարդիկը անզօր, խելացնոր,
Մեծ պարապը՝ միշտ գերիշխող...
Ժամանակները թէեւ նորոգուող,
Հնացած մարդկութիւնն է վերածնող,
Խելքի չեկող ամբոխներն են խելագար,
Կ’երթան միշտ նոյն խոտոր ուղիներով...
Մարգարէներ՝ շա՜տ ու անհամար,
Հերոսներ միշտ անպակաս.
Մեզ պէտք են պատմութեան ջրհեղեղները՝
Կլանող, մաքրող, ու սրբագործող.
Ափսո՜ս, միշտ ա´յդ ալ կրկնուող,
Բայց երբէք չվերանորոգուող...
1990