ՆԵՐՔԻՆ ՁԱՅՆ

Կը նսեմանան հիմա իմ դիմաց

Բոլոր արժէքները երէկի...

Մարդիկն իմ շրջապատի

Կը թուին խեղճացած ըլլալ.

Հետզհետէ աւելի մինակ

Եւ անզօր կը զգամ ես.

Ես միայնակ եղած եմ միշտ,

Խաբկանք են եղած բոլոր

Բարեկամութիւնները,

Մարդոց խօսքերը շռայլ ու սնամէջ:

Լոկ ներքին ձայնն է հարազատ,

Առանձնութիւնն է վեհացնող:

Կը տառապի իմ հոգին,

Կ’արիւնի ցաւերով այլոց,

Բայց մարդիկ միշտ եղած են անտարբեր,

Լոկ մորմոքը իմ սրտին

Կը մնայ ընկեր անբաժան...

1989