ՆԵՐԷ՜ ՄԵԶ

Ներէ՛ մեզ, Արցախ աշխարհ, ներէ՛ երկիր հայրենի,

Մենք արժանի չեղանք քու խորհուրդին վիթխարի,

Քանդեցինք ու կը քանդենք արմատները մեր ծառին,

Խելքի չեկող մեր տեսակը կը խարխափէ մութ խաւարին։

 

Ներեցէ՛ք մեզ, նահատակներ սուրբ հողի,

Ձեր արեամբ թաթախուած երկիրը զիջեցանք օտարին,

Մեր մեղքերուն բեռը, օ՜հ այնքան ծանր ու աններելի՛

Կը թօթափենք հիմա մե՛ր ու ուրիշին վզին.

 

Ներէ՛ մեզ, Արցախ աշխարհ, ներէ՛, դիցուք քու ցաւին անհուն,

Մայրամուտն է իջած մեր հոգիներուն ու մտքի՛ն,

Երկա՜ր է մեր ճանապարհը, արիւնոտ, ողբով պատուած,

Սրբազան լերան գողգոթան պիտի քալենք դեռ երկա՜ր.

 

Իմ ժողովուրդ խելագար, հերոսածին մայրեր սգակիր,

Պիտի հաւատանք, որքան ալ դժուար ու անկարելի,

Թէ պիտի բացուի մեր երկնակամարին՝ Արցախի՛ ու մեր

Նուիրական լերան արե՜ւը ազատ, ու մենք թօթափենք

 

Մեր ուսերէն ծանր բեռն այս ամօթալի, խաւարը մեր հոգիին։ 

Պլպլացող աստղերը վկայ, օր մը պիտի հասնինք մեր երազին։

 

2022