ՆԵՐԷ՜ ՄԵԶ
Ներէ՛ մեզ, Արցախ աշխարհ, ներէ՛ երկիր հայրենի,
Մենք արժանի չեղանք քու խորհուրդին վիթխարի,
Քանդեցինք ու կը քանդենք արմատները մեր ծառին,
Խելքի չեկող մեր տեսակը կը խարխափէ մութ խաւարին։
Ներեցէ՛ք մեզ, նահատակներ սուրբ հողի.
Ձեր արեամբ թաթախուած երկիրը զիջեցանք օտարին,
Մեր մեղքերուն բեռը, օ՜հ, այնքան ծանր ու աններելի՛
Կը փաթթենք հիմա մե՛ր ու ուրիշին վզին.
Ներէ՛ մեզ, Արցախ աշխարհ, ներէ՛, դիցուք քու ցաւին անհուն, Մայրամուտն է իջած մեր հոգիներուն ու մտքի՛ն,
Երկա՜ր է մեր ճանապարհը, արիւնոտ, ողբով պատուած, Սրբազան լեռան գողգոթան պիտի քալենք դեռ երկա՜ր.
Իմ ժողովուրդ խելագար, հերոսածին մայրեր սգակիր,
Պիտի հաւատանք, որքան ալ դժուար ու անկարելի,
Որ պիտի բացուի մեր երկնակամարին, Արցախի՛ ու մեր
Նուիրական լեռան արե՜ւը ազատ, ու մենք թօթափենք
Մեր ուսերուն ճնշած ծանր բեռն այս ամօթալի,
Պիտի թօթափենք կրկին, հաւատացէ՛ք,
Խաւարը մեր հոգիին, պիտի փարատենք յիրաւի,
Պլպլացող աստղերը վկայ, օր մը պիտի հասնինք մեր երազին։
2022