ՆԵՐԲՈՂ ՀԱՅՈՒՆ ՀՐԱՇՔԻՆ

Տագնապն է կլանած միտքը հայուն

Ու խռոված սիրտը արիւնաքամ,

Ինչպէս տեղատուող ալիքները կը բերեն ափ

Բիւր կեղտերը ընդերքներուն։

 

Մարտ է, թէժ ու անհաւասար,

Ամէնուրեք, ծագէ ի ծագ.

Տան յարկի տակ, մտքի օճախներուն մէջ

Կը նահանջէ հայու ոգին, կ’ընկրկի կամքը հայուն։

 

Լեռներէն ու արտերէն կը ծորի թանձր արիւն,

Կռիւ է անհաւասար, կռիւ տեղատուութեան,

Տակաւ խամրող մեր յիշողութեան,

Ժամանակին հետ շիջող հպարտութեան

Ու մթագնող երբեմնի վառ տենչերուն։

 

Կռիւ է բոլոր ճակատներուն վրայ այսօր,

Ճահճացումն է կլանած հայու հոգին,

Տեղայնութիւնը կրծած փայլքն ու հմայքը

                               ցեղի արմատներուն։

Նահանջն է՝ պատնէշներէն հեռու,

Ղօղանջն է ողբերգական, մայրերուն,

Հեռացումն է մարտի դաշտերէն նոր սերունդներուն, Օտարացումը՝ արմատներէն։

Կ’երթան անփոյթ, խռոված,

 

Ո՛չ Տէր Զօրի անապատներէն  կիզիչ ու արիւնախանձ,

Այլ քաղաքներէն հայահոծ՝ ոստաններ օտար,

Ուր ճակատագիրը ի յառաջագունէ է վճռուած,

Ուր պայքարի դաշտերը անհաւասար են.

Կ’երթան արեւելքի այլամերժ ոստաններէն,

Գաղթականի խուճապահար հոգիներով վրդոված,

Աղօտ արեւը գրկած իրենց հոգիին մէջ։

 

Կ’երթան փրկութեան վերջին լաստին կառչած,

Յարաշարժ կարաւաններն հայու, յուսաբեկ,

Ատելութիւնն ու ժխտումը կիրք դարձուցած,

Անտէր մնացած ըլլալու դառնութեամբ լեցուած։

Կ’երթան գաղթականի ցուպը կրկին բռնած։

 

Երբ Երկիրն է ազա՜տ, երազանքը՝ իրական,

Կեղծ ազատութեան ու խաբուած երազանքներու

Մարմաջն է կլանած հայու հոգին

Ու խռոված սիրտը արիւնաքամ։

Տարանջատման աղիտալի յորձանուտին մէջ

Ամէն ոք կ’որոնէ փրկութիւնն իր եսին,

Պահպանումը իր իշխանութեան,

Փոխան հաւաքական փրկութեան։

 

Յո՞ երթաս, հայութի՛ւն,

Դարերու բիրտ պայքար մղած,

Ո՞ր տարաբախտ ճակատագրի քմայքին

Կը յանձնես հողդ ու ոգիդ։

 

Դառնահամ, մո՜ւթ ու տարտամ է մեր ներկան.

Գորշ ամպերն են պատած երկնակամարը հայուն։

 

Լսէ՛ ձայնը գալիք ժամանակներուն,

Դուն պիտի չմեռնի՛ս, որքան ալ դա՜ռն,

Տարօրէն դաժան ըլլան ուղիներդ աշխարհատարած,

Ինչքան ալ տժգոյն թուի պայքարդ անհաւասար,

Պիտի որոնես ու գտնես ոգիդ հրաշագործ,

Ու յառնիս, փիւնիկին նման, մոխիրներէն,

Պիտի նոր օրերու մթագնած հորիզոններէն անդին

Գտնես քու լուսաւոր ուղին, մարտի կամք ու վճիռ՝

Կերտելու նոր սխրանքներ ոգեղէն,

Կերտելու Նոր Հայու Ոգին,

Թօթափես պիտի հին թէ նոր ախտերդ բոլոր,

Վէրքերն ընկրկումներուդ անհամար.

 

Ես դեռ կը հաւատա՜մ հայու հրաշքին...


2014 2021