ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Բայց սա ի՞նչ երկիր է դարձեր,

Ուր տգէտին հագցուցեր են մետաքսեայ պատմուճան, 

Սրբութիւնները վերածեր կեղծ ու հնամաշ կատեգորիայի,

Թքեր ու ծաղրի են ենթարկեր արժէքները մեր,

Ու նետեր փողոցի անկիւն, որպէս գոյք հնամաշ։

 

Յո՞ երթաս, իմ երկի՜ր հնամեայ,

Երբ ընդ աստեղոք օտա՜ր ափանց

Եղած ես միշտ

Իմ մտքին ու հոգիին երգը թեւասլաց,

Սէրն ու երազանքը իմ գոյութեան։

 

Քեզ կը ծաղրեն թուրքն ու ռուսը,

Արաբը՝ տարբաժան, աշխարհը՝ անտարբեր,

Սա՞ էր հունձքն ու հիւթը մեր երազանքին,

Արժէքն ու բախտը մեր բուր մը հողին...

 

Յո՞ երթաս, ազգ իմ ցնորած,

Այսպէս մոլոր,

Այսպէս շուար, անզօր ու բզկտուած,

Քամիներու լլկանքին յանձնուած,

Յառած երկնքին լոկ բախտի աչքերով,

Իսկ երկինքն հիմա ալ չի՛ ժպտիր քեզի,

Զի ան չի կարեկցիր երբեք անմիտին։

 

Յո՞ երթաս, երկիր իմ հնամեայ...


2021