ՅՈՒՍԱ՞Լ ԴԵՌ...
Եւ ինչո՞ւ ո´չ.
Ինքնախաբութիւն է ա´յն ատեն միայն,
Երբ չկայ հաւատքը վաղուան.
Հոն, ուր հոգիները կը խարխափեն,
Յոյսը համազօր է մահուան:
Բայց երբ գոյ է գիտակցութիւնը՝
Յաղթանակի, պայծառ վաղուան,
Յոյսը վկան է ու հաւաստիքը՝
Առո´ղջ բանականութեան...:
Բայց յուսալ... ո´չ որպէս նպատակ,
Այլեւ միջոց՝ գոյատեւման:
Նպատակի ճամբուն վրայ, յոյսը
Վկան է անոր տեսիլքին վեհութեան:
Կ’անցնին օրերը, կը դառնան պատմութիւն.
Գիտակցուած կեցութիւնը կը մնայ
Գլխաւոր գրաւակա´նը յաղթութեան...:
1983